ԳԵՐՇ. Տ. ԱԲԳԱՐ ԵՊՍ. ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆԻ ԱՅՑՆ ԱԼՊԵՐԹԱՅԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՔՐԻ ՑԵՂԻՆ

Յունիս 24-27, 2020-ին, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանը, ընկերակցութեամբ դիւանապետ Տիար Լեւոն Իսախանեանի, ցեղապետ Ռեյնհարդ Ռօանի հրաւէրով, այցելեց Ալպերթայի (Cree-Smallboy) ճամբարը, ճանչնալու Տեղաբնիկ Ազգերու աւանդական տարածքային պատկանելիութիւնը (այն ազգերը, որոնց համար Գանատան վաղեմի հայրենիք է, ուր եւ յետագային հաստատուեր են նաեւ հայերը), Գանատահայութեան՝ Գանատայի մէջ ապրելու առիթն ընծայելու համար երախտագիտութիւն յայտնելու, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուելու Արեւի Պար աւանդական արարողութեանը: Այցի կազմակերպման օգտակար եղաւ Զորթեան ընտանիքը:

Դար մը առաջ, Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ Զորթեան ընտանիքի միակ Փրկուածը, ժամանեց Հիւսիսային Ամերիկա եւ Զորթեաններու արիւնը միաձուլուեցաւ՝ Քրի լեռներն ապրող բնիկ ժողովուրդի հետ:

Զորթեան ընտանիքի անդամներուն մէկ մասը Գալիֆորնիա կ’ապրին, իսկ միւս մասը այժմ Ալպերթայի Ռոքի լեռներու Քրի ազգաբնակչութենէն մաս կը կազմեն, պահպանելով անոնց ժառանգութիւնը եւ մեծարելով այս ժողովուրդներուն գոյատեւումն ու մշակոյթը: