Լոնտոնի նշանաւոր Westminister Abbey-ի մէջ էքումէնիք արարողութիւն պիտի կատարուի ի յիշատակ սրբադասուած հայ նահատակներու

Երեւանի մեր պաշտօնակից «Ազգ» թերթէն կը տեղեկանանք թէ Չորեքշաբթի 28 Հոկտեմբերին Լոնտոնի հռչակաւոր եւ հինաւուրց Ուէսթմինիսդըր Ապպէյի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջ եկեղեցական հանդիսաւոր արարողութիւն նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն: Արարողութեան ներկայ պիտի գտնուին ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ Կաթողիկոս, Ուէլսի արքայազնը, Քէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսը եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Արարողութիւնը կազմակերպուած է Մեծն Բրիտանիայի եւ Հիւսիսային Իռլանտայի ՀՀ Դեսպան Դոկտ. Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ եւ Ուեսթմինիսդըր Աբբայութեան աւագ քահանայի հաւանութեամբ: Մասնակցութեան հրաւէրներ ուղարկուած են Մեծն Բրիտանիայի վարչապետին, կառավարութեան, լորտերու պալատին եւ հոգեւորականաց դասերու:

Ուէսթմինիսդըր Տաճարը անգլիացի թագաւորներու թագադրութեան արարողութիւններու վայրը, եւ պետական գործիչներու, հռչակաւոր գրողներու դամբարանը կը հանդիսանայ: