Հայ Եկեղեցականներ Նահատակ Ցեղասպանութեան

Դոկտ. Զաւէն Աւագ Քհնյ. Արզումանեան

Արդէն սրբացած են անոնք, հազարաւոր հայ եկեղեցականներ, որոնք աստուածահաճոյ իրենց գործին վրայ, օրը ցերեկով խաբեպատիր ձերբակալուեցան ու անխնայ սպաննուեցան: Ցեղասպանութիւնը եթէ միլիոն մը եւ աւելի հայորդիներ գաղթի եւ աքսորի մատնեց եւ սպաննեց, բոլորն ի մի հոգեւորականներու պսակը իրենց գլուխներուն վերեւ, այսօր սրբացան Հարիւրամեակի ներկայ տարւոյս Ապրիլի 23-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ: Մեզի ամենամօտիկ Սուրբերն եղան Խոսրով եպիսկոպոս Կեսարիոյ, Սմբատ եպիսկոպոս Կարնոյ, Կոմիտաս Վարդապետ Մայր Աթոռոյ, եւ այլ երանաշնորհ հոգեւորականներ, եպիսկոպոսներ, վարդապետներ եւ քահանաներ, որոնց այս երեկոյեան յուշահանդէսը կարեւորագոյն մասը թող կազմէ Հարիւրամեակի լրումին: Պիտի յիշեցնէի նաեւ որ երեկոյ մըն ալ Հայ վանքերու եւ Հայերէն ձեռագիր Մատեաններու եղեռնը եւս անմոռաց պէտք չէ մնայ Հարիւրամեակի ծիրէն ներս:

Երբ նահատակ հոգեւորականներու մասին կը խօսինք, խօսած կ’ըլլանք նաեւ այն հոգեւոր կեդրոններուն մասին, վանք եւ դպրեվանք, ուր անոնք սնան եւ թրծուեցան հոգեւոր եւ մշակութային ծառայութեան ճամբուն վրայ: Կործանեցաւ առաջին հերթին Կ. Պոլսոյ ԱՐՄԱՇՈՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ որ միայն 25 տարի կեանք ունեցաւ (1889-1915), ու Ցեղասպանութեան տարին հիմնայատակ եղաւ եւ վերջին դասարանի ուսանողները բռնի աքսորուեցան: ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՍԻՍԻ Կաթողիկոսարանի Դպրեվանքը եւս դադրեցաւ շնչելէ: Երուսաղէմի ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐԱՑՆ ու ԸՆԾԱՅԱՐԱՆԸ մնացին Ա. Աշխարհաւեր Պատերազմի արհաւիրին ներքեւ մինչեւ 1921, երբ Եղիշէ Դուրեան, Արմաշի շունչն ու հոգին եղող ուսումնապետը, Երուսաղէմի Պատրիարք ընտրուելով Արմաշը հոն «փոխադրեց» որպէս «սրբազան վրէժխնդրութիւն», ինչպէս ինք ըսած էր այն ատեն:

Ականատես Զաւէն Պատրիարք Տ. Եղիայեան եւ ժամնակակից պատմագրող Թէոդիկ հաստատած են թէ առ նուազն 4,000 հայ հոգեւորականներ, մի’այն Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն, զոհ գացին Ցեղասպանութեան: Հարիւրաւոր Հայ Կաթոլիկ եւ Բողոքական Եկեղեցականներ եւս դասուեցան նահատակ հոգեւորականներու շարքին: Առաջին հաւաստի լուրը կը լսուի Պատրիարքէն որ չարաղէտ 1915 Յուլիս 13 թուակիր նամակով Պուլկարիոյ առաջնորդ Ղեւոնդ եպս. Դուրեանին կը հաղորդէր որ հայ եկեղեցիներն ու վանքերը կողոպտուած էին, եւ թէ Պրուսայի Արմաշական Պարգեւ Վրդ. Դանիէլեան, Տրապիզոնի Գէորգ Վրդ. Թուրեան, Կեսարիոյ առաջնորդ Խոսրով եպս. Պեհրիկեան, Շապին Գարահիսարի Վաղինակ Վրդ. Թորիկեան, Չարսանճաքի Գէորգ Վրդ. Նալպանտեան առաջնորդները, բոլորն ալ Արմաշի Դպրեվանքի ընտիր սերունդներէն, բանտարկուած էին եւ պատերազմական ատեաններու յանձնուած:

Նոյն նամակէն կը հաստատուի որ Տիգրանակերտի տեղապահ Մկրտիչ Վրդ. Ջլղատեան բանտի մէջ ծեծի տակ եւ ապա կրակներու բոցերուն մէջ նահատակուած է: Զաւէն Պատրիարքի Օգոստոս 15 թ. նամակէն՝ Բաբերդի առաջնորդ Անանիա Ծ. Վրդ. Հազարապետեան կախաղան հանուած է, եւ Խաբերդի առաջնորդ Պսակ Վրդ. Տէր Խորէնեան Մայիսի սկիզբը ճամբայ հանած են եւ անգթօրէն սպաննած:

Պատրիարքի յաջորդ նամակէն կը տեղեկանանք որ Սեպտեմբերին սոսկալի ջարդ մը տեղի ունեցած է Էնկիւրիի մէջ, ուր նախ այր մարդիկ, թիւով 500, ջարդուած են իրենց առաջնորդին՝ Թէոդորոս վարդապետին, քահանաներուն, եւ Հայ Կաթոլիկ տասը քահանաներու հետ միասին: Պատրիարքը նմանապէս կը տեղեկացնէ, եւ այս բոլորը իր հետագային գրած ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐՍ հատորին մէջ ամփոփելով, թէ Բաղեշի երիտասարդ Արմաշական Սուրէն Ծ. Վրդ. Գալէմեան 1400 տուն հայերու հետ միասին նահատակուած է: Նահատակուած են նաեւ Մուշէն 6500 տուն հայեր, եւ Ս. Կարապետ վանքի վանահայր՝ Վարդան Ծ. Վրդ. Յակոբեանը՝ իր 400 աշակերտներով:

Մուշի Առաքելոց վանքի վանահայր Յովհաննէս Վարդապետ իր 40 միաբախններով եւ 200 աշակերտներով նահատակուած են: Նաեւ Մշոյ Հայ կաթոլիկներու գերապայծառ Թօփալեան առաջնորդը: Նոյն նամակով Զաւէն Պատրիարք կը հաղորդէ Կարնոյ կացութիւնը, ուրկէ կ’ըսէ հինգերորդ կարաւանը ճամբայ հանուած է 1915 Յուլիս 18-ին վեցէն եօթը հարիւր հոգիներով, իրենց առաջնորդ՝ Արմաշի առաջին սերունդէն Սմբատ Եպս. Սաատէթեանի գլխաւորութեամբ, Կարին-Էրզրումէն դուրս կը քշուին, եւ իբր թէ Սրբազանը Պոլիս պիտի ղրկուէր՝ ձեռքն ալ ճամբորդութեան արտօնագիր մը տալով: Սմբատ եպիսկոպոս բացատրութիւն պահանջած է անակնկալ եւ մտահոգիչ տեղահանութեան մասին, եւ Էրզրումի կուսակալ Թահսին կեղծաւորաբար ըսած է թէ՝ «հայերը պիտի ղրկուին այնպիսի ապահով տեղ մը, ուր ժողովուրդը չի կրնար գէշութիւն ընել հայերուն»: Սմբատ եպիսկոպոսն ու հետեւորդներ անվերադարձ կը մեկնին:

Զաւէն Պատրիարք իր բոլոր թղթակցութիւնները եւ պատրիարքարանի լրիւ դիւանը իր օրով Մարսիլիոյ ճամբով, մի քանի սնտուկներով, ծովու ճամբով ուղարկած էր Երուսաղէմի Հայոց Վանքը որպէս ապահովութիւն: Հոն կը մնան մինչեւ այսօր, եւ երբ  Զաւէն Պատրիարք իր կեանքին վերջին շրջանին գրի առաւ իր ՅՈՒՇԵՐԸ, անձամբ Երուսաղէմ երթալով պրպտեց իր ուղարկած նամակներն ու հաստատագիրները եւ հրատարակեց զանոնք Գահիրէի մէջ: Ասկէ տաս տարիներ առաջ գիրքը անգլերէնի թարգմանուեցաւ որպէս մնայուն վաւերագրութիւն: Զաւէն Պատրիարքէն աւելի մանրամասն ու լրիւ գրի առաւ Թէոդիկ երբ հրատարակեց իր ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՂԳՈԹԱՆ նշանաւոր գիրքը՝ անուններով արձանագրելով 4000-է աւելի նահատակ հայ հոգեւորականներու եւ մանաւանդ Թուրքիոյ տարածքին պաշտօնի վրայ եղող ԲՈԼՈՐ քահանաներուն սպանդը, կենսագրական մանրամասնութիւններով իւրաքանչիւրի մասին:

Զաւէն Պատրիարքի եւ Թէոդիկի զոյգ ժամանակակից աղբիւրներէն քաղելով կու տամ նահատակ եպիսկոպոսներու եւ վարդապետներու շատ ամփոփ կենսագրականը, զանց առնելով թէ ի՞նչ խժդուժ եւ անմարդկային կերպով նահատակած են մերօրեայ Սուրբ Հոգեւորականները: Գազանային այդ արարքները արձանագրուած կը մնան: Զանոնք արտայայտել կարելի չէ, սիրտ եւ լեզու պէտք է:

 

Նահատակ վեց Եպիսկոպոսներ

Խոսրով Եպս. Պեհրիկեան, 46 տարեկան: Արմաշական առաջին սերունդէն, Առաջնորդ Կեսարիոյ թեմին, եւ 1914 թուին եպիսկոպոս ձեռնադրուած, եւ Ս. Էջմիածնէն դարձին ամբաստանուած որպէս թշնամի երկրէն գրգռութիւն բերած ըլլալու յանցանքով:

Բանտարկուածեւ դէպի Տիարպէքիր ճամբուն վրայ նահատակուած թուրք ոստիկաններու ձեռքով:

Սմբատ Եպս. Սաատէթեան, 44 տարեկան: Արմաշական՝ օծակից Խոսրովի: Եպիսկոպոս ձեռնադրուած 1910-ին որպէս Կարին-Էրզրումի Առաջնորդ: 1915 Յուլիս 15-ին Կարինի կառավարիչէն կանչուած է անորոշ պատճառով, եւ ամբաստանուած իբրեւ թէ Երզնկայի հայոց թեմին զէնք փութացնել առաջարկած ըլլալով: Բացայայտ այդ սուտէն ետք, Երզնկայ տարուած է, իր հետ նաեւ վեց քահանայ հայրեր անուններով յայտնի: Բոլորն ալ նահատակուած:

Ներսէս Եպս. Դանիէլեան, 47 տարեկան: Սիսի Կիլիկեան Աթոռի միաբան: Բանտարկուած Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ, եւ Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարքի երաշխաւորութեամբ Կ. Պոլիս տարուած: 1911-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած որպէս թեմակալ Ատանայի Թեմին: 1914-ին Առաջնորդ կարգուած Եոզղաթի Թեմին: Յայտնի գրական հոգեւորական մըն էր Ներսէս եպիսկոպոս՝ «Սսական Վարդապետ» ծածկանունով: 1919-ին կը ձերբակալուէր 500 մտաւորականներու եւ առեւտրականներու հետ միասին, եւ բոլորը կը նահատակուէին Սեբաստիոյ մօտ Թաշլըտերէ կոչուած տեղը:

Խորէն Եպս. Դիմաքսեան, 50 տարեկան: Միաբան Սիսի Աթոռին, եւ եպիսկոպոս ձեռնադրուած 1911-ին՝ Եոզղաթի թեմին վրայ, եւ յաջորդ տարին՝ միանգամայն Առաջնորդ Կիւրինի, ուր կը նահատակուէր Վեր. Պետրոս Մուղալեանի հետ:

Յակոբ-Աշոտ Եպս. Փափազեան, 67 տարեկան: Վարած է Եգիպտոսի Թեմին առաջնորդութիւնը, եւ 1915-ին տառապանքի տակ վախճանած Իզմիրի զինուորական բանտին մէջ՝ Կիլիկիոյ 1909 թուականի աղէտի մասին մատուցած իր տեղեկագրին մէկ պատճէնը իր թուղթերուն մէջ գտնուած ըլլալուն համար:

Եզնիկ Եպս. Գալփաքճեան, 55 տարեկան, ձեռնադրուած Արմաշ, եւ եպիսկոպոս՝ 1912-ին որպէս Առաջնորդ Բալուի Թեմին, ուր եւ կը նահատակուէր:

 

Նահատակ 12 Արմաշական Վարդապետներ

Կոմիտաս Վէր. Սողոմոնեան, երաժշտագէտ Մեծն Կոմիտաս , Մայր Աթոռի միաբան, եւ ապա փոխադրուած Կ. Պոլիս: Թէեւ բռնամահ չեղաւ, եւ սակայն աքսորուեցաւ 1915 Ապրիլ 24-ին, եւ աքսորէն վերադարձին մնաց հիւանդանոց մտքի եւ հոգեկան մեծ ցնցումներու հետեւանքով: Վախճանեցաւ 1935-ին:

Մկրտիչ Վրդ. Ջլղատեան Առաջնորդ Տիարպէքիրի

Սահակ Վրդ. Օտպաշեան Առաջնորդ Երզնկայի

Արտաւազդ Վրդ.  Գալենտէրեան Առաջնորդ Եդեսիոյ

Պարգեւ Ծ. Վրդ. Դանիէլեան, 27 տարեկան Առաջնորդ Նիկոմիդիոյ եւ Պրուսայի

Պսակ Ծ. Վրդ. Խորէնեան, 33 տարեկան Առաջնորդ Խարբերդի

Շաւարշ Վրդ. Սահակեան, Առաջնորդ Սեբաստիոյ եւ Եդովկիայի

Սուրէն  Ծ. Վրդ. Գալէմեան, 29 տարեկան Առաջնորդ Բաղեշի

Գեղամ Վրդ. Թէվէքէլեան, 28 տարեկան Առաջնորդ Քղիի

Համազասպ Վրդ. Եղիսէեան, 51 տարեկան Առաջնորդ Սամոսոնի եւ Ճանիկի

Գէորգ Ծ. Վրդ. Թուրեան, 43 տարեկան Առաջնորդական Տեղապահ Տրապիզոնի

Վարդան Ծ. Վրդ. Յակոբեան, 69 տարեկան Վանահայր Մշոյ Ս. Կարապետ Վանքին

Անանիա Ծ. Վրդ. Հազարապետեան, 54 տարեկան Առաջնորդ Եդեսիոյ եւ Բաբերդի:

 

Վերապրող Հոգեւորականներ

Միւս կողմէն իրենց գերագոյն ճիգը ըրին հերոս այն բարձրաստիճան հոգեւորականները որոնք մի կերպ վերապրեցան թուրքի եաթաղանէն: Նոյն նահատակներուն Արմաշի Դպրեվանքի հարազատ դասակիցներն ու վերապրող հոգեւոր եղբայրները, որոնք Երուսաղէմի եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նորահաստատ կայքին՝ Անթիլիասի մէջ վերակերտեցին ընկճուած Հայ Եկեղեցին՝ բացառիկ նուիրումով եւ գիտակցութեամբ:

Պատիւով կը յիշեմ զանոնք մէկ առ մէկ: Բոլորին գլուխն ու ամենէն տարեցը՝ ՍԱՀԱԿ ԽԱՊԱՅԵԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ: ՄԱՂԱՔԻԱ ՕՐՄԱՆԵԱՆ, հիմնադիր վերատեսուչ Արմաշի, եւ Պատրիարք Կ. Պոլսոյ: ԵՂԻՇԷ ԴՈՒՐԵԱՆ, եպիսկոպոս, ուսուցչապետ Արմաշի, եւ Պատրիարք Երուսաղէմի: ԲԱԲԳԷՆ ԿԻՒԼԷՍԷՐԵԱՆ, եպիսկոպոս, դաստիարակ եւ Կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ: ԹՈՐԳՈՄ ԳՈՒՇԱԿԵԱՆ, եպիսկոպոս, Առաջնորդ, եւ Պատրիարք Երուսաղէմի: ԶԱՒԷՆ Տ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ, Պատրիարք Կ. Պոլսոյ: ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ, Առաջնորդ: ԳԱՐԵԳԻՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ, Առաջնորդ եւ Պատրիարք Կ. Պոլսոյ: ՄԵՍՐՈՊ ՆԱՐՈՅԵԱՆ, Պատրիարք Կ. Պոլսոյ: ՓԱՌԷՆ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ, Առաջնորդ: ԳՆԷԼ ԳԱԼԵՄՔԵԱՐԵԱՆ, Առաջնորդ: ՇԱՀԷ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ, Առաջնորդ եւ Վերատեսուչ Դպրեվանքի: ՄԱՄԲՐԷ ՍԻՐՈՒՆԵԱՆ, Առաջնորդ: ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԵՐՏԱՀՃԵԱՆ, Առաջնորդ: ՊԵՏՐՈՍ ՍԱՐԱՃԵԱՆ, Առաջնորդ եւ Կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ: ԵՂԻՇԷ ԿԱՐՈՅԵԱՆ, Առաջնորդ: ԽԱԴ ԱՋԱՊԱՀԵԱՆ, Առաջնորդ եւ Տեղապահ Տանն Կիլիկիոյ: ԱՐՏԱՒԱԶԴ ՍԻՒՐՄԷԵԱՆ, Առաջնորդ: ԵՓՐԵՄ ՏՈՀՄՈՒՆԻ, Առաջնորդ: ՄԿՐՏԻՉ ԱՂԱՒՆՈՒՆԻ, Առաջնորդ: Ահա հոյլ մը վերապրող բարձրաստիճան հոգեւորականներ որոնք «Սրբազան վրէժը լուծեցին» Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի բառերով:

Իբր թէ պատուաւոր կերպով, Տանն Կիլիկիոյ ծերունազարդ Սահակ Խապայեան Կաթողիկոսը Սիսի իր Կաթողիկոսարանէն աքսորուեցաւ եւ հալածուեցաւ, որ իր Աթոռը վերակերտեց նախ Հալէպի եւ ապա Անթիլիասի մէջ: Բաբգէն Կիւլէսէրեան, 1914 թուին երբ առաջնորդն էր Անկիւրիոյ թեմին, առողջական պատճառներով, երիկամներէն մին պէտք է հեռացնէին, ու թելադրած Ամերիկա երթալ եւ բուժուիլ: Ազատեցաւ վերահաս սպանդէն: Թորգոմ Գուշակեան նոյն տարին հրաժարած ըլլալով Սեբաստիոյ թեմի առաջնորդութենէն, Եգիպտոսի Առաջնորդ ընտրուած էր եւ Գահիրէ մեկնած: Նոյնպէս վերեւ յիշեալ հոգեւորականները պաշտօններու բերումով Օսմանեան Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս մեկնած ըլլալով՝ ազատեցան: Բոլորն ալ ազատելով ձեռնթափ չեղան սակայն: Երբե’ք: Ընդհակառակը մեկնեցան Երուսաղէմ, եւ ապա Անթիլիաս ուր վերակերտեցին Աթոռներն ու Ընծայարանները: