«Հայաստանը սիրել պէտք չէ, այլ Աստուծոյ տուածը ընդունիլ․ դուրս ապրիլը արհեստական վիճակ է, բնութեան դէմ աշխատիլ է Հայաստան չապրիլը», -կ՛ըսէ Խաչիկ Խաչատուրեան։
Մուղնիի առանձնատան մէջ նստած՝ անկեղծօրէն կը զրուցենք։ Խաչիկ Խաչատուրեան, 2005-ին թողնելով Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը, իր կնոջ Մարինայի եւ երկու դուստրերուն հետ որոշեց տեղափոխուիլ Հայաստան։ Ան բնութեան գիրկը պատած իր տան մէջ կը ստեղծագործէ, միաժամանակ կը մշակէ պարտէզին ծառերն ու ծաղիկները։
Խաչիկ Խաչատուրեան աւարտածէ Երեւանի Կոմիտասի անուան կոնսերվատորիան՝ որպէս երգահան։ Ունի բազմաթիւ հեղինակային ստեղծագործութիւններ, ինչպէս «Վանքի Աւերակները», «Լարային Քառեակը» ու «Հայկ եւ Բէլ» համանուագը։ 1985-ին գրած է իր առաջին ստեղծագործութիւնը Սաղմոսավանքի մէջ, երբ աշակերտն էր յայտնի երգահան Ռոպերտ Ամիրխանեանին։
Երգահանի կարծիքով՝ այսօրուան երաժիշտը պէտք է պատմութիւնը լաւ իմանայ, բոլորը ուսումնասիրած ըլլայ, շատ բան կայ ընելիք։ Ան որ կ՛ըսէ, թէ հայկական երաժշտութիւնը սպառուած է, սա ոճրագործութիւն է։
«Հիմքը ադամանդն է, այդ ադամանդը ստեղծողը ազգն է դարերու ընթացքին, իսկ հերկողը մէկն է՝ Կոմիտասը»։
Հալէպի մէջ թողնելով անունն ու հռչակը՝ ան բնաւ չի զղջար․ «Այնտեղ թագաւոր ես անապատի մէջ, երբ որ մրցակից չունիս, որպէս երաժիշտ պէտք է սնուիս»։ Ըստ Խաչիկի՝ երբ հողիդ վրայ ես, խնդիր չունիս, տաղանդաւոր երգահանին կը սնուցանէ հողը, միմիայն հողը։ Ներշնչման կարիք չունի Խաչիկ․ «Երբ հողիդ վրայ ես, խնդիր չունիս, ան իր ուժը կ’առնէ հողէն ու ծառէն»։
Համաշխարհայնացման այս օրերուն երգահանը մտահոգ է. «Մենք շատ փոքր ազգ ենք, իրաւունք չունինք ուրիշ խաղեր ընելու, քանի մենք սրբազան գործ ունինք մեր մշակոյթը պահպանելու», -կ’ըսէ դաշնակահարը։
Ինչ կը վերաբերի սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայերուն, անոր կարծիքով, անոնք չեն կրնար գոյատեւել, անոնք դատապարտուած են ոչնչանալու։ Զարգացած երկիրներու մէջ ապրողները կարող են յաջող մարդ դառնալ ապագային, բայց որպէս հայ՝ երբեք։ Հայ մնալու միակ կռուանը հայրենի հողին վրայ ապրիլն է՝ ըստ երգահան Խաչիկ Խաչատուրեանի։
Անի Զէյթունցեան