Լոյս տեսած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական խորհրդանշանները» խորագիրով յոյժ կարեւոր ուսումնասիրութիւնը:
Աշխատութեան մէջ կը ներկայացուի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդանշաններու (դրօշ, զինանշան, օրհներգ) ընդունման համառօտ պատմութիւնը 1918-1920 թթ. եւ անոնց իմաստներու ու խորհուրդներու գիտական մեկնութիւնը:
Հանրայայտ իրողութիւն է, որ խորհրդանշաններուն հիմքը տուեալ ազգի պատմութեան կարեւորագոյն եւ առանցքային նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւններն են ու փուլերը, որոնք այդ ազգի եւ անոր կերտած պետութեան կեանքին մէջ ունեցած են պետականաստեղծ կամ վճռական դերակատարութիւն:
Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդանշաններուն հիմքը.
ա. Հայ ազգի պատմութիւնը՝ Մեծ ջրհեղեղէն մինչեւ առաջին պետականութեան հիմնումը, այդ պետականութեան տարբեր փուլերու կարեւորագոյն իրողութիւններուն արձանագրումը (յատկապէս՝ զինանշանի մէջ):
բ. Քաղաքակրթական ինքնատիպութեան եւ ինքնուրոյն՝ հոգեւոր-կրօնական-մշակութային պատմութեան կարեւորագոյն իրողութիւններու արձանագրումը (յատկապէս՝ դրօշակի մէջ):
գ. Ազատութեան, պետականութեան վերականգնման եւ ազգային իղձերու իրականացման համար մղած կենսահաստատ պայքարի գաղափարը (յատկապէս՝ օրհներգի մէջ):
Ուշագրաւ է այն հանգամանքը, որ երեք խորհրդանշաններն ալ անցած են պատմական հոլովոյթին մէջէն եւ ձևաւորուած են ազատագրական պայքարի բովին մէջ:
Փաստօրէն մինչեւ ՀՀ Խորհրդարանին կողմէ ընդունուիլը՝ ասոնք կամ ասոնց նախնական տարբերակները հայ ազգի կողմէ արդէն իսկ ընդունուած եղած են իբրեւ ազատագրական պայքարի խորհրդանշաններ: