ԹՄՄ-եան Կեդրոնը աստիճանաբար՝ բայց զգուշութեամբ կը ջանայ բնականոնութեան վերադառնալ

Պսակաձեւ ժահրի արգելափակման իբր հետեւանք Թէքէեան Կեդրոնը ինչպէս գաղութիս բոլոր կեդրոններն ու եկեղեցիները, առնուազն չորս ամիս մնաց փակ ու զայն միայն պահեց քարտուղարական ու խմբագրական սահմանափակ գործունէութիւն:

Թէքէեան Կեդրոնը Մոնթրէալի միակ կառոյցն է որ ընկերային հաւաքներու համար իր ընդարձակ պարտէզով յարմարութիւն կ’ընծայէ բացօթեայ հաւաքներու:

Արդարեւ, կառավարութեան խստապահանջ պայմանները յարգելով Կեդրոնը երեք  շաբաթներէ ի վեր, դարձեալ սկսած է իր ուրբաթօրեայ հաւաքներուն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Բոլոր հականեխական պայմաններն ու հեռաւորութիւն պահպանելու պահանջները լրացնելէ յետոյ մօտ 50 ներկաներ վայելեցին ԹՄՄ-ի ընծայած բացօթեան ընկերային ուրբաթօրեայ երեկոները:

Նորութիւն էր նաեւ վերադարձը մեր անցեալի Cigar Night աւանդական հաւաքին: Մօտ 30 մասնակիցներ ներկայ եղան այդ առաջին հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի՝ 2 Օգոստոս 2020-ին:

Բարեկամներ որոնք որոշ ժամանակ արգելափակուած պայմաններու ենթարկուելէ ետք, մեծ հաճոյքով մասնակցեցան ընկեր Արա Պալեանի եւ Յարութ Գումրոյեանի կազմակերպած երեկոյին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ժամերը անցան ու ներկաները ետ գտան պատառիկ մը անցեալէն… ու հանդիպեցան հին ու նոր բարեկամներու:

Այս Cigar Night -ը շուտով կրկնելու յոյսով ներկաները մեկնեցան Թ.Մ.Մ.-ի ընծայած ապահով սակայն հաճոյալի ձեռնարկէն:

Վարձքը կատար կազմակերպող ընկերներուն:

Թղթակից