Սիրելի հաւտացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս,
27 Սեպտեմբեր 2020-ին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը, որպէս զինադադարի համաձայնութեան բացայայտ խախտում, սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմ սկսաւ իրագործել Արցախի շփման գիծի ողջ երկայնքով՝ ռմբակոծելով Արցախի խաղաղ բնակավայրերը, ներառեալ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Մարտերը տակաւին կը շարունակուին, եւ դժբախտաբար, զոհերու պատճառ կը դարնան խաղաղ բնակչութեան շրջաններէն ներս:
Գանատահայոց Թեմի Հոգեւորաց դասը, Թեմական խորհուրդն ու հաւատաւոր հայորդիներն իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնեն Հայրենիքին, Արցախի Հանրապետութեանը և Հայոց հզօր բանակին, ու խոնարհ սրտով կ’աղերսենք, որ Վարագայ Սուրբ Խաչի օգնութիւնն ու օրհնութիւնը, ընդմիշտ ուղեկիցն ըլլայ մեր խաղաղասէր ազգին:
Մեր յորդորն է Գանատայի մէջ սիրելի մեր հաւատաւորներուն, զգոյշ ըլլալ ու սադրանքներու չ’ենթարկուիլ: Այսօր, ինչպէս միշտ, մենք պէտք է միասին կանգնինք ընդդէմ Ատրպէյճանի կողմէն իրականացուած յարձակումներուն:
Այս դժուար պահին, Հայաստանի և Արցախի ժողովուրդը մեր աղօթքներուն եւ աջակցութեան կարիքն ունին: Գանատայի Հայ Առաքելական եկեղեցիները յանձնարարուած են՝ Երեքշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2020-ին, կէսօրին, աղօթք բարձրացնել առ Ամենակալ Աստուած՝ յանուն Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան եւ յաղթանակին:
Թող Ամենահզօր Աստուծոյ օրհնութեան եւ Արարիչի Սուրբ Աջի հովանու ներքոյ մնան Հայաստանն ու Արցախը, այսօր եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:
Տէր Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան
Առաջնորդ Գանատահայոց Թեմի |