ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐ ԵԼՈՅԹԸ Մ.Ա.Կ.-Ի 70-ՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻՆ

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս տարի եւս, դեսպան Պրն. Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ հրաւիրուած էին Ամերիկայի ազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները պաշտօնապէս ներկայ գտնուելու եւ ունկնդրելու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթը ՄԱԿի գլխաւոր Վեհաժողովի 70րդ նստաշրջանին։  Սեպտեմբեր 29, 2015, Երեքշաբթի օր, կէսօրէ ետք ժամը 3ին, վսեմաշուք մեր նախագահը ունեցաւ իր ելոյթը Նիւ Եորքի ՄԱԿի կեդրոնէն ներս։

Ազգային մեր կազմակերպութիւնները կը ներկայացնէին հետեւեալ հոգեւորականներն ու ազգայիններ: Ամերիկայի Հայոց Թեմը` Մամիկոն Վրդ. Գիլեճեան (ներկայացնելով Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ Էջմիածին կը գտնուէր Միւռոն օրհնութեան առթիւ), Կիլիկեան Թեմի առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան, Հայ Աւետարանակչական Ընկերակցութեան Տնօրէն Զաւէն Խանճեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչ Նուրհան Պեճիտեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արամ Յովակիմեան, ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Յակոբ Վարդիվառեան։

Ինչպէս նաեւ` ՀԲԸՄ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի ներկայացուցիչ Նազարէթ Ֆստըքճեան, Հայկական Համագումարի համանախագահ Վան Գրիգորեան, Վարդանանց Ասպետներու Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչ Հրանդ Կիւլեան, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տնօրէն Լիզա Ստեփանեան, Հայաստանի Օգնութեան Ֆոնտի ատենապետ Ռենտի Սապահ Կիւլեան, Դաւիթեան Հիմնադրամի նախագահ Ասօ Դաւիթեան եւ Ամերիկայի Հայոց Առաջնորդարանի ներկայացուցիչ Տոքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեան։

Մօտ 25 վայրկեան տեւող ելոյթով նախագահ Սարգսեան ներկայացուց հիմնահարցերն ու մարտահրաւէրները Հայաստանի Հանրապետութեան։  Ան մանրամասնօրէն նշեց Ցեղասպանութեան Դարադարձի առթիւ ձեռք բերուած յաջողութիւնները Վատիկանի, եւրոպական ու հարաւ ամերիկեան զանազան երկիրներէն, Ղարաբաղեան հարցի խաղաղ կարգաւորման կարեւորութիւնը, Ատրպէյճանի զինուորական նախայարձակման պարագաները, տարածաշրջանի կայունութեան հիմնահարցը, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեանց անվտանգութիւնն ու խաղաղ զարգացումը, Մերձաւոր Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող տեղի անմարդկային դաժանութիւնները, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ միջուկային ծրագրի շուրջ ձեռք բերուած պատմական նշանակութիւն ունեցող համաձայնութիւնը եւ այլ այժմեան հարցեր։

Նախագահ Սերժ Սարգսեանին կ’ընկերակցէին ՀՀ Արտգործ նախարար Պրն. Էտուարդ Նալպանտեան, ՀՀ Ուաշինկթընի մօտ դեսպան Պրն. Տիգրան Սարգսեան, ՀՀ ՄԱԿի մօտ մշտական ներկայացուցիչ Պրն. Զօհրապ Մնացականեան եւ նախագահի վարչակազմի գրասենեակի տնօրէն Պրն. Վիգէն Սարգսեան։

Նախագահի ելոյթէն ետք, ՄԱԿի կեդրոնէն ներս, առիթ տրուեցաւ ունենալու հանդիպում ամերիկահայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ։  Ան տրուած հարցումներէն տուաւ լուսաբանութիւններ ինչպէս` վերջերս ատրպէյճանական կողմէ եղած նախայարձակման հետ կապուած մահերուն թիւին, ռուսական բանակին Հայաստանի մէջ եղող ուժին, ինչպէս նաեւ` անցեալ շաբաթավերջին Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Միւռոն օրհնութեան արարողութեան մասնակիցներու հաւատքին կարեւորութեան։  Անդրադարձաւ նաեւ հայ զինուորին օգտակար ըլլալու անհրաժեշտութեան կոչ ընելով ամերիկահայ բարեսիրական միութիւններուն եւ անհատ բարերարներուն նկատի ունենալ հայ զինուորականին խնամատարական աջակցութիւնը։

Երեկոյեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր շքախումբով մեկնեցաւ դէպի մայրաքաղաք Ուաշինկթըն Տի Սի։