Գանատայի Ա.Գ.Ն. Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայն Բարեկամական եւ դրական կերպով պատասխանեց Գանատահայ Գաղութի Ներկայացուցիչներու Պահանջքներուն

Անցեալ Հինգշաբթի օր Հոկտեմբեր 22-ին տեղի ունեցաւ մօտ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ Zoom հանդիպում մը Գանատայի Ա.Գ.Ն. Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայնի, Նախարարուհի Մելանի Ժոլիի եւ տասնեակ մը Գանատայի Խորհրդարանի Անդամներու կողմէ հրաւիրուած՝  մօտ քսան Գանատահայ համայնքի ներկայացուցիչներու միջեւ: Նախարար Շամփայն եւ Խորհրդարանի Անդամներէն խումբ մը իրենց ընտրողական հայաշատ շրջաններէն նախապէս հրաւիրած էին գաղութային եւ քաղաքական կեանքին մէջ իրենց գործունէութեամբ ծանօթ Գանատահայ ներկայացուցիչներ նպատակ ունենալով նախ անոնց տեղեակ պահել Գանատական կառավարութեան տարած աշխատանքներուն՝  ի նպաստ Արցախեան ընթացիկ պատերազմը կասեցնելու  եւ ապա լսելու նոյն ինքն Գանատահայութեան՝ այդ մասին ունեցած ակնկալութեանց մասին:

Հանդիպման ղեկավարն էր նոյնինքը Ա.Գ.Ն. Շամփայն որ հանդիպման սկզբնաւորութեան մանրամասներէն տեղեկացուց վերջին շրջանին Վարչապետ Թրուտոյի եւ  իր կողմէ կատարուած միջամտութեանց մասին: Ան տեղեկացուց թէ Վարչապետ Թրուտօ ուղղակի հաղորդակցութեան մէջ կը գտնուի Հայաստանի Վարչապետ Փաշինեանի ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի Ալիեւի հետ կոչ ուղղելով անոնց անմիջականօրէն ընթացք տալ հրադադարին: Իսկ նախարար Շամփայն իր կողմէ կատարուած բազմաթիւ միջամտութեանց շարքին, յիշեց յատկապէս թէ կտրուկ կերպով արգիլած էր Գանատական ընկերութեանց կողմէ պատերազմական սարքաւորումներու վաճառքը Թուրքիոյ:

Գանատահայութեան կողմէ նախապէս ծրագրուած պատասխան ելոյթներ ունեցան եօթ, ութ ներկայացուցիչներ որոնք գնահատելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով հանդերձ Գանատայի կառավարութեան եւ յատկապէս նախարար Շամփայնի առած վերոյիշեալ քայլերուն համար, նշեցին շարք մը աւելի յստակ ակնկալութիւններ:

Գանատահայութեան գլխաւոր ակնկալութիւններն էին Գանատայի կողմէ ճանաչումը Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին, եւ ի վերջոյ ճանաչումը Արցախի անկախութեան քանի որ ան պատմականօրէն բազմադարեան իր պատմութեամբ մաս կը կազմէ Հայոց աշխարհին: Նոյնպէս կարեւորութեամբ շեշտեցին թէ Թուրքիան որ ակնյայտ կերպով կը հետապնդէ իր ցեղասպանութեան ախորժակները պէտք է դատապարտուի այս պատերազմը հրահրելու իր արարքին համար եւ յատկապէս որպէս ՆԱԹՕ-ի անդամ պահանջուի անկէ անմիջապէս դադրեցնել իր միջամտութիւնը: Վերջապէս խնդրուեցաւ նախարար Շամփայնէն յատուկ կարգադրութեամբ եւ օդանաւային թռիչքներու արտօնութեամբ դիւրացնել դեղերու եւ մարդասիրական տարբեր օգնութեանց փոխադրութիւնը Գանատայէն Հայաստան եւ Արցախ:

Գնահատանքով պէտք է արձանագրել թէ Գանատայի Ա.Գ.Ն. Շամփայն իսկական հասկացողութեամբ եւ ջերմ արտայայտութիւններով իր համակրանքը յայտնեց կատարուած առաջարկներուն եւ մանաւանդ խոստացաւ անմիջապէս ընթացք տալ մարդասիրական օժանդակութիւնները դիւրացնելու մասին կատարած խնդրանքին :

Հաւանական է թէ նման հանդիպումներ տեղի ունենան նաեւ որոշ ժամանակ մը ետք Արցախեան ծանրակշիռ  տագնապին կապակցութեամբ տեղի ունեցած զարգացումներէն բխող պահանջներուն համաձայն: