ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐԻՒՐ ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՆԷ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ ԱՐՑԱԽԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց անմիջականօրէն 100,000 ամերիկեան տոլար յատկացնել «Հայաստան» Հիմնադրամին, տրամադրուելու համար Արցախի ծրագիրներուն: Սոյն որոշումը կայացաւ՝ նկատի ունենալով Արցախի հայութեան գոյութենական պայքարը, որ զօրաշարժի ենթարկած է համայն հայութիւնը:

Մինչ այս մասնայատուկ յատկացումը կը կատարուի ի տես Արցախի հայութեան ծանր պայմաններուն, ԹՄՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը շարունակէ ֆինանսաւորել իր ընթացիկ եւ արտասովոր կրթական ու շինարարական պարտաւորութիւնները մասնաւորաբար Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ:

Հրատապ պայքարի այս օրերուն Արցախի ֆոնտին կատարուած յատկացումը կարելի եղաւ գոյացնել Միութեան սեփական աղբիւրներէն, ինչպէս նաեւ շրջանակներու, մասնաճիւղերու, անդամներու եւ բարեկամներու սրտաբուխ նուիրատուութիւններէն:

Ճակատագրական այս օրերը ամբողջ հայութիւնը կը դնեն աննախընթաց մարտահրաւէրներու դիմաց՝ այսօր սատարելու վիրաւորներուն, մահացած զինուորներու ընտանիքներուն եւ պատմական հայրենիքին պաշտպանութեան:  Գիտակից պէտք է ըլլանք որ պատերազմի աւարտով աւելի եւս պիտի սրին կարիքները եւ աւելի ծանր պիտի դառնան մարտահրաւէրները:

Հետեւաբար, խորունկ երախտագիտութիւն յայտնելով հանդերձ մեր զոհաբերող անդամներուն եւ բարերարներուն՝  կ’ուզենք այժմէն հաղորդել որ մեր նուիրահաւաքները պիտի շարունակուին – գուցէ նաեւ  աւելի բուռն թափով – մինչեւ որ փլած եկեղեցիներ չմնան Արցախի մէջ, քանդուած օճախները վերակառուցուին, վիրաւորները բուժուին եւ զոհուած զինուորներու ընտանիքները ապահովութիւն գտնեն:

Ցեղասպանութենէն դար մը ետք կրկին պիտի լծուի մեր ազգը վերականգման գործին:

 

ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պոստոն

Հոկտեմբեր 28, 2020