Շուշիի թանգարանէն դուրս պիտի բերուին արուեստի բազմաթիւ Գործեր

Իտալահայ քանդակագործ Վիգէն Աւետիսը դիմած է ՀՀ Հանրային խորհուրդին՝ աջակցելու իրեն Շուշիի թանգարանէն դուրս հանելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք տեղափոխելու արուեստի բազմաթիւ գործեր, որոնք մաս կը կազմեն նշանակալի ժառանգութեան:

Հանրային խորհուրդի արտահերթ նիստին ընթացքին հարցը քննարկելէ ետք՝ որոշում կայացուած է ստեղծելու աշխատանքային խումբ՝ Վիգէն Աւետիսի ղեկավարմամբ, եւ լիազօրելու զինք հանդէս գալու Հանրային խորհուրդին անունով, որպէսզի հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ, հնարաւոր ըլլայ քայլեր ձեռնարկել հարցի լուծման ուղղութեամբ: