Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պետքարտուղար Ժան-Փաթիսթ Լըմուաը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ, որ Ֆրանսա կը համագործակցի ԻՒՆԵՍՔՕ-ի հետ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութեան համար, որոնց մէկ մասը կը գտնուի Ատրպէյճանի տարածքին:
«Վերջին շաբաթներու ընթացքին Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրօն բազմաթիւ շփումներ ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միւս համանախագահող երկիրներուն հետ եւ առիթ ունեցած է անգամ մը եւս իր յանձառութիւնը արտայայտելու: Այդ յանձառութիւնը հիմնուած է տարբեր կողմերու վրայ, եւ անոնցմէ մէկը կը վերաբերի մշակութային եւ հոգեւոր արժէքներու ժառանգութեան պահպանման, որոնց մէկ մասը կը գտնուի Ատրպէյճանի տարածքին: Եւ այդ գանձերու պահպանութեան համար մենք կը համագործակցինք ԻՒՆԵՍՔՕ-ի, ինչպէս նաեւ այլ կազմակերպութիւններու հետ, որոնք ստաձնած են անոնց պաշտպանութեան առաքելութիւնը», ընդգծած է Լըմուան: