Տարբեր երկիրներէ 150 գիտնականներ Արցախի մշակութային ժառանգութեան փրկութեան հարցով դիմած են Ֆրանչիսկոս Պապին

Աշխարհի տարբեր երկիրներու գիտական հաստատութիւններու շուրջ 150 ներկայացուցիչներու եւ գիտնականներու ստորագրութեամբ խնդրագիր մը ներկայացուած է պապական աթոռի արտաքին գործոց նախարարութեան` Արցախի մշակութային ժառանգութեան փրկութեան առնչութեամբ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի դիմատետրեան էջը:

Գիտնականները խնդրագիրին մէջ նշած են, որ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական աղէտի կողքին վտանգուած է նաեւ այդ տարածքին մէջ գոյութիւն ունեցող հայկական հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը` բաղկացած հարիւրաւոր կանուխ քրիստոնէական, միջնադարեան եւ նոր շրջանի եկեղեցիներէ, վանքերէ եւ տարբեր յուշարձաններէ:

«Գիտնականները փաստեր ներկայացուցած են, թէ ինչպէ՛ս ոչ հեռու անցեալին Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ համակարգուած կերպով ոչնչացման ենթարկուած է վերջինիս վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու հայկական  գեղարուեստական եւ ճարտարապետական ժառանգութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Գիտնականները յոյս յայտնած են, որ Ֆրանչիսկոս պապի հեղիկանաւոր միջնորդութեամբ կարելի պիտի ըլլայ համախմբել համապատասխան միջազգային կառոյցները` փրկելու համար պատմական Հայաստանի տարածքին մէջ գտնուող եւ հաւատքի վկայութիւն հանդիսացող ժառանգութիւնը, որ ունի համաշխարհային նշանակութիւն:

«Սփութնիք» կը յիշեցնէ, թէ նախապէս ռուս մշակոյթի գործիչներ, որոնց շարքին խմբավար Վատիմ Սփիվաքով եւ Թէոտոր Քուրենթզիս, երաժիշտ Պորիս Կրեպենշիքով եւ բեմադրիչ Ալեքսանտր Սոքուրով, Արցախի քրիստոնէական մշակութային, գեղարուեստական եւ ճարտարապետական ժառանգութեան յուշարձանները համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ ներառելու խնդրանքով դիմած էին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին: