ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ – ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԾՐԱԳՐԵՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՊԱԳԱՆ

ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԾՐԱԳՐԵՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՊԱԳԱՆ

Մենք Ենք Տէրը Մեր Ճակատագրին

 

Ահաւոր պատերազմէն ետք, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ քաղաքական, ընկերային եւ ռազմական կացութիւնը, ամբողջովին բաց է բոլորին առջեւ ուսումնասիրելու, վերլուծելու եւ պատասխանատուութեան բաժիններ սահմանելու կողմերուն: Ցաւը, տառապանքն ու սուգը չափազանց ծանր են մեր ժողովուրդին համար: Այս դաժան կացութեան մէջ սփիւռքի հայութեան կը մնայ խոհեմ կերպով շարժիլ եւ չբարդացնել հայրենիքի իրավիճակը: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր սփիւռքեան հայեացքը կը յարէ դաժան սուգի այս մթնոլորտէն դէպի ապագան, խորհելով ու առաջադրելով այն ծրագիրներու մասին, որոնք պիտի գան սատարելու մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին վերականգնումին: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը գտնուի ամենէն ծանր պատասխանատուութեանց դիմաց, մասնաւորաբար իմանալով զանազան կողմերէ արձակուած պահանջները իր հրաժարականին: Ներկայ պայմաններուն տակ պարտադրեալ իշխանափոխութիւն մը կրնայ միայն վատթարացնել իրավիճակը: Վարչապետին կը մնայ վերլուծել կացութիւնը եւ նախագահ Արմէն Սարգիսեանի անմիջական գործակցութեամբ, երկիրը պատրաստել սահմանադրական ուղիով նոր փոփոխութեանց:

Աղէտալի պատերազմը կասկած չի թողուր որ վարչապետն ու իր վարչակազմը այլեւս չեն կրնար դիմակայել օրուան ծանր մարտահրաւէրները:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կ’առաջարկէ նոր ճանապարհային քարտէս մը, Հայաստանի ներկայ կամ որեւէ այլ իշխանութեան՝ հետեւեալ օրակարգերով.-

  • Յանձնարարել Արտաքին Գործոց նախարարութեան դիմելու Ռուսաստանի Դաշնութեան՝ երաշխաւորելու հաւաստիքը Հայաստանի սահմաններուն անբռնաբարելիութեան:
  • Ահազանգ հնչեցնել ՄԱԿ-ի եւ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի շրջանակներուն մօտ՝ սպառնացող նոր ցեղասպանութեան եւ մշակութային եւ կրօնական արժէքներու պահպանման:
  • Կոչ ուղղել ՄԱԿ-ի մարդասիրական իշխանութեանց՝ դատապարտելու նախայարձակ կողմը՝ Ատրպէյճանը, եւ պահանջել որ վերջ տրուի մարդկային իրաւանց բռնաբարումներուն եւ պահանջել ռազմագերիներու ապահով վերադարձը: Նոյնպէս քաջալերել պատերազմի ընթացքին բռնագաղթուածներ վերադարձը դէպի իրենց օճախները:
  • Ձեռնարկել գործօն դիւանագիտական արշաւի մը ամրապնդելու համար կապերը Արեւմուտքի եւ Արեւելքի բարեկամ երկիրներու, ինչպէս նաեւ Արաբական Աշխարհին հետ: Դիւանագիտական յարաբերութիւններու կողքին, ամրապնդելու առեւտրական նոր յարաբերութիւններ մանաւանդ ապահովելով օտար ներդրումներ:
  • Անմիջապէս վերակազմել ազգային բանակը եւ զայն զինել ամէնէն արդիական զինամթերքներով, որոնք կը համապատասխանեն հաւանական նոր մարտահրաւէրներու դիմակայման:
  • Կոչ ուղղել սփիւռքին եւ զայն առաջնորդել հզօր ծրագիրներով սատարելու հայրենիքի վերականգնումին այն համեմատութիւններով զորս իրագործեց ան Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին իրագործելով «Սասունցի Դաւիթ» զօրասիւնին նման ծրագիր մը:

Այսօրուան պարտութիւնը, սուգն ու ցաւը պէտք է վերածել դրական ոյժի եւ վերականգնիլ ազգովին: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը հաւատայ որ Սփիւռքը իր բոլոր միջոցներով ունի կարելիութիւնը օժանդակելու այս օրակարգին իրագործման: Ինք իր կարգին, յատկապէս իր հայատառ եւ անգլիատառ՝ լայն համակրանք վայելող մամուլով, պատրաստ է իր ամբողջական օժանդակութիւնը բերել այդ առաքելութեան յաջողութեան համար:

 

Մենք ենք մեր ճակատագրին տէրը

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն

Գերագոյն Խորհուրդ

 

Պոստոն

Դեկտեմբեր 16, 2020