Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գիտակրթական եւ հոգեւոր դաստիարակչական հաստատութիւնները համալրուեցան եւս մէկով. Բացուեցաւ «Գարգին Ա. կրթական կեդրոն»-ը: Կեդրոնի գաղափարը լուսահոգի կաթողիկոսին վերջին պատգամն էր, որ իրականացուցին Անգլիա բնակող բարերարներ Հայկ եւ Էլզա Թիթիզեանները:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էր ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բարձրագոյն հոգեւոր դասը, Սփիւռքի եւ Մշակոյթի նախարարները, այլ հրաւիրեալ անձիք:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին բարերար Հայկ Թիթիզեան, որ նաեւ 2015 թուականի «Միւռոնի կնքահայր» կարգուած էր, նշած է, որ իր տիկնոջ հետ կատարած են երջանկայիշատակ Գարեգին Առաջինի ցանկութիւնը: «Սա սկսած է, երբ Վեհափառ Հայրապետը, դժբախտաբար, հիւանդ էր, երբ իրեն հարցուցի, թէ իր փափաքը ինչ է` ան ըսաւ. «Գարեգին Ա. գիտակրթական կեդրոն»-ը: Երբ իրեն ըսի, որ իր փափաքը պիտի կատարեմ, ձեռքս բռնեց, օրհնեց»,- ըսած է Հայկ Թիթիզեան` շեշտելով, որ աշխատանքը կատարուած է արդէն ներկայ կաթողիկոսին` Գարեգին Բ. Հայրապետի մեծ ջանքերուն շնորհիւ:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդը յայտնած է, որ կեդրոնը նախատեսուած է Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորներու, քրիստոնէական դաստիարակութեան ուսուցիչներու, սփիւռքի հայ դպրոցներու մէջ կրթութիւն մատուցող մանկավարժներու վերապատրաստման համար: «Այստեղ նաեւ պէտք է կազմակերպուին հայագիտական ու աստուածաբանական գիտաժողովներ, որ եւ Լուսահոգի Գարեգին Առաջին Հայրապետի վերջին ցանկութիւնն էր: Մենք ուրախ ենք, որ անոր իղձը ի կատար ածուեցաւ, կառուցուեցաւ կեդրոնը, որ կարեւոր առաքելութիւն պէտք է իրականացնէ»,- նշած է Վեհափառ Հայրապետը:
Անոր խօսքով` հայ ժողովուրդը գիտութեան, կրթութեան ու մշակոյթի ջատագով է, ան իր ոսկեդարը կերտած է նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ պետականութիւն չէ ունեցած: «Մենք հասկցած ենք մեր գոյութեան եւ յարատեւութեան խորհուրդը, որ ատիկա հայ հոգեւոր զօրեղ կեանքն է, մեր մշակոյթը, մեր հաւատքը, որու շնորհիւ պէտք է կարենանք դիմակայել բոլոր փորձութիւններուն»,- շեշտած է Գարեգին Բ.-ն: Ան տեղեկացուցած է, որ կեդրոնը ամբողջովին պատրաստ պիտի ըլլայ միւս տարուան Մարտ-Ապրիլին, եթէ շինարարները նոյն ջանասիրութեամբ աշխատին:
2009 թուականի Սեպտեմբեր 19-ին երջանկայիշատակ Գարեգին Առաջին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի վախճանման 10-րդ տարելիցի ոգեկոչման օրը, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բարերար զաւակներ Տէր եւ Տիկին Հայկ եւ Էլզա Թիթիզեաններու եւ խուռներամ բազմութեան ներկայութեամբ Էջմիածնի մայր Տաճարի հարաւային կողմին վրայ կատարուեցաւ «Գարեգին Ա. կրթական կեդրոն»-ի հողօրհնէքի արարողութիւնը: Կեդրոնի համալիրի նախագիծին մէջ ընդգրկուած է Մայր Աթոռի պատմական կառոյցներէն հիւանդանոցի շէնքը, որ կառուցուած է Խրիմեան Հայրիկ Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրօք: