Ատրպէյճան արտօնութիւն չի տար Շուշիէն հանել աւելի քան 1500 արուեստի գործերն ու բացառիկ նմուշները

Յայտնի երկրաբան, բարեգործ Գրիգոր Գաբրիէլեանցը, «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեանը եւ ԱՀ մշակոյթի նախարարութիւնը աշխոյժ բանակցութիւններ կը վարեն ռուսական կողմին հետ՝ թշնամիին յանձնուած Շուշի քաղաքին մէջ դեռ պահպանուած թանգարանային ցուցանմուշները փրկելու եւ տարհանելու շուրջ։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, յայտնած է «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեան։ Վերջինս յոյս ունի, որ ռուսական կողմին միջնորդութեամբ՝ հնարաւոր պիտի ըլլայ գոնէ փրկել Շուշիի մշակութային հսկայ ժառանգութեան պատառիկները։

Մինչեւ սեպտեմբերեան պատերազմը Արցախի մշակութային կեդրոն համարուող Շուշիի մէջ գործած է 4 պետական եւ 2 մասնաւոր թանգարան։ Ցաւօք, պատերազմի ժամանակ միայն գորգերու մասնաւոր թանգարանի ցուցանմուշները տարհանուած են քաղաքէն, իսկ ՊՈԱԿ-ի կազմին մէջ գտնուող 4 թանգարաններէն 3-ի ցուցանմուշները տեղափոխած են ռմբապաստարան։

«Ես Նոյեմբերի սկիզբը եղած եմ Շուշի, իսկ Երեւան տեղափոխուած եմ միայն Նոյեմբեր 5-ին։ Այդ ընթացքին ոեւէ մէկուն մտքէն չէր կրնար անցնիլ, որ հնարաւոր է քաղաքը յանձնուի եւ ռմբապաստարանին մէջ գտնուող հաւաքածուները տարհանելու կարիք ըլլայ։ Մենք ամբողջ նմուշները ռմբակոծութեան տակ տեղափոխած ենք ռմբապաստարան եւ եթէ շշուկներ հասած ըլլային, որ հնարաւոր է քաղաքը յանձնուէր, մենք այդ հաւաքածուները կը տեղափոխէինք Ստեփանակերտ, ինչպէս եղաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած միւս տարածքներուն պարագային»,- ըսած է Գասպարեան՝ շեշտելով, որ Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց չեն տեղեկացուցած քաղաքը յանձնելու մտադրութեան մասին, մինչդեռ պաշտպանական գերատեսչութիւնը մինչեւ Նոյեմբեր 9-ը կը պնդէր, որ Շուշին մեր վերահսկողութեան տակ է։

Փաստացի ներկայիս թշնամիի վերահսկողութեան տակ անցած են Շուշի քաղաքի պատմութեան եւ մշակոյթի 197 յուշարձան (158 միաւոր), Կերպարուեստի թանգարանի մօտ 800 գեղանկար, գրաֆիքական աշխատանքներ, քանդակներ, Շուշիի երկրաբանութեան թանգարանի 700-է աւելի նմուշներ։ Նշենք, որ Երկրաբանութեան թանգարանին մէջ ներկայացուած էին ինչպէս Արցախի տարածքին մէջ յայտնաբերուած օգտակար հանածօները, այնպէս ալ` երկրաբանական առումով հետաքրքրութիւն ներկայացնող համաշխարհային նմուշներ, որոնց մեծ մասը թանգարանին նուիրաբերած էր ԽՍՀՄ երկրաբանութեան վերջին նախարար, երկրաբանահանքաբանական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսըր Գրիգորի Գաբրիէլեանցը։

Ըստ Լուսինէ Գասպարեանի՝ ինքը պարբերաբար կը հետեւի ատրպէյճանական աղբիւրներուն մէջ հրապարակուած պատկերներուն, որոնց մէջ կ՝երեւի, որ հրետակոծութեան իբրեւ արդիւնք թանգարանը չէ աւերուած։ Ըստ անոր՝ ատիկա կը վկայէ, որ ռմբապաստարան տեղափոխուած նմուշները մինչեւ Նոյեմբեր 9 չէին կրնար վնասուած ըլլալ, եւ եթէ ատրպէյճանական կողմը հրաժարի նմուշները վերադարձնելէ կամ յայտարարէ, որ անոնք չեն պահպանուած, կը մնայ եզրակացնել, որ գործ ունինք հերթական պատերազմական յանցագործութեան հետ։

Նշենք, որ ժողովուրդներու մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութիւն հանդիսացող պատմական յուշարձաններու, արուեստի ստեղծագործութիւններու եւ պաշտամունքի վայրերու դէմ ուղղուած յարձակումը միջազգային պայմանագրային եւ սովորութային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտում է, իսկ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ մշակութային յուշարձաններու աւերումը՝ ռազմական յանցագործութիւն: