Յայտարարութիւն

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐ ՊԱՏԵՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՈՐՈՆՑՄԷ ՊԷՏՔ Է ՕԳՏՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ 

 

ՌԱԿ Շրջանային Վարչութիւնը կ’ողջունէ նախագահ Ճոզէֆ Պայտընի արտաքին քաղաքականութիւնը որ հիմնուած է մարդկային իրաւանց վրայ եւ կը միտի Ամերիկայի աւանդական դերը վերահաստատել աշխարհի քաղաքական թատերաբեմին վրայ:

Հայաստան եւ ամերիկահայեր մասնաւորաբար երախտապարտ են նոր իշխանութեան որ կը նպատակադրէ նոր քաղաքականութիւն մը որդեգրել Թուրքիոյ աւերիչ քաղաքականութեան նկատմամբ որ պատերազմներ կը հրահրէ Կովկասի մէջ՝ Ատրպէյճանի ոյժերուն եւ ահաբեկիչներու միջոցաւ:

Մենք յոյսով ենք նաեւ որ նախագահ Պայտընի իշխանութիւնը գործադրութեան պիտի դնէ իր խոստումը՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ամբողջացնելով նախաձեռնութիւնները Ամերիկեան Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու Տան:

Այս նոր կացութիւնը առիթ կ’ընծայէ Հայաստանին արժեւորելու համար իր հիմնական խնդիրները, յատկապէս ամրագրելով Արցախի օրինավիճակն ու երկիրը երաշխաւորելով պատերազմական սպառնալիքներու դիմաց:

Արդ, այս պահու անհրաժեշտութիւնն է որ Հայաստանի կառավարութիւնը զօրաշարժի ենթարկէ իր ամբողջ դիւանագիտական ներոյժը բացայայտելու եւ գործարկելու իր ամէնէն կենսական հիմնախնդիրները, իր վերապրումին եւ ապագային ի խնդիր:

Որեւէ փոփոխութիւն, այս պահին, դիւանագիտական անձնակազմի մէջ, կրնայ վտանգել առիթները օգտագործելու պատեհութիւնը: Հայաստանի խորհրդարանին մէջ առաջադրուած նպատակներէն կը թուի ըլլալ Լիլիթ Մակունցը Ուաշինկթընի դեսպանութեան պաշտօնին կոչելու: Ամէնէն սխալ նախաձեռնութիւնն է այդ, սխալ ժամանակին: Այս պահուն անհրաժեշտ են ամէնէն փորձառու դիւանագէտները:

Կը յուսանք որ Հայաստանի կառավարութիւնը լիովին կ’ըմբռնէ կացութեան լրջութիւնը եւ համապատասխան կերպով կ’որդեգրէ ամէնէն ճիշդ ճանապարհը, գործի լծելով իր ամբողջ դիւանագիտական հնարաւորութիւնները:

 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Պոստոն, Յունուար 26, 2021