Հայաստանի Անկախութեան 24-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւն Լոնտոնի մէջ

Շաբաթ 26 Սեպտեմբեր երեկոյեան Լոնտոնի Սբ. Եղիշէ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 24 ամեակի տօնակատարութիւնը կազմակերպութեամբ Բրիտանահայ համայնքի խորհուրդին կողմէ։

Անգլիական ու Հայկական զոյգ քայլերգերէն ետք, օրուան հանդիսավար Պրն․ Ռաֆֆի Սարգիսեան ներկայացուց օրուան խորունկ նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը Հայ ժողովուրդին համար։ Ապա բեմ հրաւիրեց օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ Տօքթ․ Հրաչ Գոյումճեանը, ատենապետը Լոնտոնի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, որ ըսէ իր խօսքը։

Տօքթ.  Հրաչ Գոյումճեանի Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձին առիթով տուած պատգամը հայրենասիրական էր առանց ազգայնամոլութեան, քննադատական էր Հայաստանի Հանրապետութեան ռեժիմի ձախողութիւններուն, օրինակի համար՝ արտագաղթ, անգործութիւն, կաշառակերութիւն, առանց կրքոտ ու անտեղի արտայայտութիւններու եւ ամբաստանութիւններու, հաւասարակշռուած էր հոն ուր գովասանքն անհրաժեշտ էր եւ էական, եւ առանց ազգայամոլ շողոքորթութեամբ։

Յուշահանդէսն ունէր ճոխ գեղարուեստական բաժին, յանձին մասնաւորաբար Հայաստանէն հրաւիրուած պասս Բարսէղ Թումանեանի, որ դաշնամուրի վրայ ընկերակցութեամբ ծանօթ արուեստագիտուհի Քրիսթինա Առաքէլեանի ներկաներուն հրամցուց բունջ մը եւրոպական եւ հայկական դասական երգերէ սկսելով Հէյնտըլէն, Վերտիէն ու Ռախմանինովէն մինչեւ Տիգրանեան, Չուխաճեան եւ Կոմիտաս։ Ան խանդավառեց ու հմայեց ներկաները իր զմայլելի ձայնովն ու թէքնիքովը արժանանալով մեծ գնահատանքներու։

Ապա բեմ բարձրացաւ Համայնքային Խորհուրդի ատենապետ՝ Պրն. Արա Բալամուտեան, որ իր հակիրճ ու իմաստալից խօսքին մէջ շնորհաւորեց Հայրենիքի 24 ամեայ տարեդարձը, մաղթելով խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում։ Իր խօսքէն ետք կարդացուեցաւ Հայաստանի դեսպան Պրն. Արմէն Սարգիսեանի խօսքը դեսպանական կցորդ Պրն. Տիգրան Գալստեանի կողմէ, քանի որ Պրն. Դեսպանը Հայաստան կը գտնուէր միւռոնօրհնէքի համար։

Հանդէսը վերջ գտաւ պահպանիչով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

                                                                                                                                                              Թղթակից