Պոլսոյ քաղաքապետութիւնը 37.5 միլիոն տոլար պէտք է վճարէ Հայ Կաթողիկէ Համայնքին

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ թրքական «Սապահ» թերթը 5 հոկտեմբերին հաղորդած է, թէ հայ կաթողիկէ համայնքի Ս. Յակոբ հիւանդանոցին հոգաբարձութիւնը դատական յաղթանակ մը տարած է Պոլսոյ քաղաքապետութեան դէմ` Շիշլիի ամէնէն բանուկ հրապարակին վրայ 45 տարի առաջ գրաւուած 4474 մեթր քառակուսի հողամասին գծով: Այս հողամասը կը գտնուէր գերեզմանատան շրջանակին մէջ: Դատարանը վերջապէս վճռած է ի նպաստ հայ կաթողիկէ համայնքին եւ որոշած, թէ քաղաքապետութիւնը հայ կաթողիկէ համայնքին պէտք է վճարէ 111.850.000 թրքական լիրա (մօտաւորապէս 37,5 միլիոն տոլար), ինչպէս նաեւ` այդ գումարին երկու տարուան տոկոսը:

Այս հարցին պատմութիւնը կ՛երթայ մինչեւ 1971: Այդ թուականին քաղաքապետութիւնը գրաւած էր նշեալ հողամասը, ուր աւելի ուշ կառուցուեցան առեւտրական կեդրոններ եւ ստորերկրեայ ճամբաներ: Քաղաքապետութիւնը այս հողամասը գրաւելով հանդերձ անոր փոխարժէքը չէր վճարած: Հոգաբարձութիւնը դատ բացած էր այս բռնագրաւման դէմ: Դատարանը երկու տարի առաջ որոշեց, որ բռնագրաւուած հողամասը թափուին մէջ պիտի արձանագրուի Ս. Յակոբ հիւանդանոցին անունով: Բայց քանի որ հոն կառուցուած շինութիւններուն պատճառով կարելի պիտի չըլլար հողամասը վերադարձնել, հոգաբարձութիւնը պահանջած էր հողամասին փոխարժէքը հատուցել:

Որոշումը այժմ պիտի հասնի վճռաբեկ ատեան, եւ եթէ անկէ եւս վաւերացուի, ապա հայ կաթողիկէ համայնքը պէտք է ստանայ այս պատկառելի գումարը: