«Վերածնուածը» Ֆիլմով Ջիւան Աւետիսեան Կ՝անդրադառնայ 2020 Սեպտեմբերին Սկսած Պատերազմին

Ֆիլմերու բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան իր առաքելութիւնը կը համարէ Արցախի մասին ֆիլմեր նկարահանելն ու զանոնք աշխարհին ներկայացնելը. ան իր ֆիլմերով կ՝ուզէ պատժել աշխարհը:

«Վերածնուածը» վերնագիրով ֆիլմին աշխատանքները սկսած են 2018-ին։ Ֆիլմը պիտի անդրադառնար 2016-ի պատերազմին, սակայն 2020 Սեպտեմբերին սկսած պատերազմէն ետք սենարը վերամշակուած է ու դէպքերը տեղափոխուած են 2020 թուական։ Ֆիլմը կ՝արտացոլէ ներկայ իրավիճակը, ուր իբրեւ բեմադրիչ Աւետիսեան կու տայ անոր գնահատականը։

Ըստ բեմադրիչին ֆիլմը 4 հերոսի մասին հետաքրքրական պատմութիւն է, որոնց մանրամասնութիւնները ստեղծուած են իրական փաստերու վրայ։