Նախագահ Սարգսեան ներկայ գտնուած է ՀՀ քննչական կոմիտէի նոր մասնաշէնքի բացումին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ներկայ գտնուած է մայրաքաղաքի Արաբկիր համայնքին մէջ ՀՀ քննչական կոմիտէի նոր մասնաշէնքի բացման արարողութեան:
Ինչպէս կը յայտնէ ՀՀ Նախագայի աշխատակազմի հասարակայնութեան և տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը՝ Հանրապետութեան նախագահը շրջայց կատարած է շէնքին մէջ, այցելած է կոմիտէի տարբեր ստորաբաժանումներու աշխատասենեակներ, զրուցած է աշխատակիցներու հետ, ծանօթացած է Քննչական կոմիտէի գործունէութեան համար ստեղծուած պայմաններուն, ինչպէս` քննիչներու աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու նպատակով ժամանակակից տեղեկատուական արհետսագիտութիւններու կիրառմամբ մշակուած ծրագիրներուն` քրէական գործերու թուայնացման, «ելեկտրոնային նախաքննութիւն» համակարգին: