ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒՐՈՏԵՍԻԼ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻՆ ՊԻՏԻ ՉՄԱՍՆԱԿՑԻ

Համապարփակ քննարկումներէն եւ բանակցութիւններէն վերջ հանրային պատկերասփիւռի ընկերութիւնը յայտարարած է, որ Հայաստանը այս տարի պիտի չմասնակցի «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին: Տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, ժամանակի սղութիւնը եւ այլ տուեալ հանգամանքներ անհամադրելի են երգի մրցոյթին Հայաստանը պատշաճօրէն ներկայացնելու: