Մարտ 2-ին Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու վարչութեան ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթուն ընդունած է Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմովը:
Հանդիպման ընթացքին, ըստ Ermenihaber.am-ի, կողմերը քննարկած են հաղորդակցութեան, լրատուամիջոցներու, մշակոյթի, ֆիլմարտադրութեան բնագաւառներուն առնչուող շարք մը հարցեր:
Ալթուն յայտնած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրամանով Ատրպէյճանի հետ համատեղ պիտի իրականացուին ֆիլմերու եւ հեռատեսիլային դրուագաշարերու նախագիծեր, որոնք պիտի անդրադառնան արցախեան պատերազմին, իսլամի կովկասեան բանակին, Խոջալուի դէպքերուն եւ պատմական շարք մը այլ իրադաձրութիւններու։
Պաշտօնական այցով Թուրքիա գտնուող Քերիմովը նշած է, որ Ատրպէյճանը Թուրքիոյ աջակցութիւնը զգացած է ոչ միայն արցախեան պատերազմի, այլեւ ողջ պատմութեան ընթացքին: Ըստ անոր՝ համատեղ արտադրուելիք վաւերագրական եւ խաղարկային ֆիլմերը պիտի ըլլան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի «բարեկամութեան ու եղբայրութեան խորհրդանիշները»: