Նախաձեռնութեամբ հայ ազգային երեք կուսակցութիւններուն եւ հովանաւորութեամբ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Պրն. Արմէն Եգանեանի, Ուրբաթ, 18 Սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց անկախութեան 24-րդ ամեակի տօնակատարութիւնը: Ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, թորոնթոհայ կուսակցութիւններու, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ թիւով հայրենակիցներ:
Պետական դրօշներու մուտքէն եւ օրհներգերու կատարումէն ետք, հանդիսավար Պրն. Ժան Պալճեան կատարեց հանդիսութեան հակիրճ բացման խօսքը: Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանի երգչախումբը՝ փունջ մը ազգային երգերով, ղեկավարութեամբ Տիկ. Սոնա Յովսէփեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Տիկ. Թալին Գըլըպօզեանի, Պրն. Սարգիս Եագուպեան` մեներգներով, դաշնակի ընկերակցութեամբ Տիկ. Անահիտ Կուտսուզեանի, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Սասուն» պարախումբը, պարուսոյց Պրն. Սեւակ Աւագեանի ղեկավարութեամբ:
Հանդիսավարը ապա հրաւիրեց Գանատայի մօտ ՀՀ-ի Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Պրն. Արմէն Եգանեանը իր խօսքը փոխանցելու: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց կրկին անգամ ըլլալու թորոնթոհայութեան հետ` միասնաբար տօնախմբելու Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեանց տօները: Իր բարեմաղթական խօսքերու աւարտին, յարգելի դեսպանը «Մխիթար Գոշ»-ի անուան ՀՀ-ի պետական մետալով պարգեւատրեց հայ ժողովուրդի բարեկամ, Գանատայի խորհրդարանի նախկին եւ ներկայիս Թորոնթոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճիմ Քարիճիանիսը: Յիշենք, թէ ան եղած է Գանատայի Ազատական Կուսակցութեան խորհարդարանական 1988-էն 2014, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով կարեւոր աշխատանք տարած ու մեծ ներդրում ունեցած է 2004-ին Գանատայի խորհրդարանի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կապակցութեամբ թիւ M-380 բանաձեւի որդեգրման յաջողութեան մէջ: Պրն. Քարիճիանիս շնորհակալութիւն յայտնեց պարգեւատրումին համար եւ ըսաւ թէ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ մինչեւ կեանքին վերջը պիտի պայքարի, ինչպէս ըրած էր Մայիս 6, 2015-ին, Թորոնթոյի քաղաքապետական խորհուրդի նիստին ներկայացուցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ MM 6.7 բանաձեւով, որ վաւերացուեցաւ խորհուրդին կողմէ:
Ապա հանդիսավարը կենսագրական հակիրճ գիծերը տալով ներկայացուց օրուայ բանախօսը՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագիր Պրն. Վահագն Գարագաշեանը: Յարգելի բանախօսը սահուն եւ հաղորդական ոճով ներկայացուց օրուան խորհուրդը, որ գնահատուեցաւ ներկաներու ծափողջոյններով:
Հանդիսութեան փակումը կատարուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեանի «Պահպանիչ»-ով։
Մատաթ Բ. Մամուրեան