Սամուէլ Քէօշկէրեանի Սայաթ  Նովան Առցանցով  

Թէքէեան Մշակ. Միութեան նախաձեռնութեամբ, ներկայացուեցաւ առցանցային հաղորդում մը՝ անմահ Աշուղ Սայաթ  Նովայի մասին, պատրաստուած արուեստագէտ` Սամուէլ Քէօշկէրեանի կողմէ, իր կողքին ունենալով Սիլվա Ամատունին իբրեւ ասմունքող:

Այս գործադրումը կը բաղկանայ 2 մասերէ: Ա. մասը կը ներկայացնէ՝ Սայաթ  Նովայի կեանքի ուղին, իսկ Բ. մասը՝ Սայաթ  Նովան որպէս հոգեւորական, բանաստեղծ եւ աշուղ:

Թ.Մ.Միութեան վարչութիւնը, իր ջերմագին շնորհաւորութիւնները կը յայտնէ Սամուէլ Քէօշկէրեանի՝ իր բծախնդրօրէն պատրաստած այս հաղորդումին, Սիլվա Ամատունիին՝ իր դիւրահաղորդ ասմունքային ոճին, ինչպէս նաեւ բոլոր աշխատակիցներուն՝ Ցոլինէ Մուղալեանին (հաղորդավար) , Արա Եազըճեանի (ձայնագրութիւն), Կրէկօրի Քէչեանի (համակարգչային ձեւաւորում), որոնք անսակարկ սատարեցին սոյն գործադրումի յաջողութեան:

Արդէն այս առթիւ, ստացանք շնորհագրեր, որոնցմէ մին, ստորեւ, հպարտութեամբ կ’արձանագրենք:

«ԱՊԱԳԱՅ»

 

Սայաթ -Նովայի նուիրուած ԹՄՄ-ի առցանց յայտագիրը մտաւորական ճշմարիտ խրախճանք մըն էր, որքան նաեւ բանաստեղծական ու երաժշտական: Սամուէլ Քէօշկէրեանի ներկայացումը տպաւորիչ էր եւ ամբողջական, մանաւանդ իր աղբիւրագիտական ծաւալով ու խորութեամբ:  Գրեթէ հիմնական աղբիւր դուրս չթողուց համալրելու համար աշուղին գեղարուեստական վաստակը:  Արժանի ներկայացում մը՝ հանճարեղ աշուղին:

            Սիլվա Ամատունիի ընթերցումները, Սայաթ  Նովայի տաղերուն, տպաւորիչ էին մանաւանդ բարբառային անհարթութիւններու ճկուն վերծանումներով:  Վաղուց նաեւ գեղահունչ արեւմտահայերէն չէինք լսած մինչեւ Ցոլիկ Մուղալեանի ներածականը:

            Ինծի համար իսկական վայելք մըն էր ամբողջական ծրագիրը:  Գուցէ հանրութեան համար աւելի բաղձալի պիտի դառնային Թովմաս Պօղոսեանի կամ Վաղարշակ Սահակեանի համոյթներուն աւելի լայն կատարումները:

            Անհամբեր կը սպասեմ Բ. մասին, ուր կը յուսամ նաեւ յայտագրին մէջ ընդգրկուած կ’ըլլան Մօրուս Հասրաթեանի կողմէ Սայաթ  Նովայի տաղերուն արդի գրական արեւելահայերէնի վերածումները, աւելի ընկալելի դարձնելու բանաստեղծութեան խորքը:

 

Երուանդ Ազատեան

Տիթրոյթ, Ապրիլ 1, 2021

 

Ստորեւ կու տանք հաղորդման կայքը՝

https://www.youtube.com/watch?app=desktop&v=Wjgf7V1tzLY