«Ապագայ»ն 40 տարեկան

ԱՊԱԳԱՅ-ի գլխաւոր հիմնադիրները եւ Քառասուն տարիներ անընդհատ անոր կենսունակութեան գլխաւոր մղիչ ոյժը հանդիսացողներ

1975-ի Օգոստոսի տաք օր մը, Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ժարի փողոցին վրայ գտնուող կեդրոնատեղիին մէկ փոքր սենեակին մէջ, Գանատայի առաջին հայկական շաբաթաթերթի հինգ հիմնադիրները հաւաքուած էին, վերջնական կարգադրութիւններուն գծով որոշում առնելու, որպէսզի թերթին առաջին թիւը լոյս տեսնէր Սեպտեմբերի 13-ին, Մոնթրէալի մէջ գումարուելիք ՌԱԿ-ի շրջանային 55-րդ Պատգամաւորական ժողովին առթիւ:

Տօքթ. Արշաւիր Կէօնճեան, Երուանդ Ազատեան (Տիթրոյթէն) Արսէն Նուպար Մամուրեան, տօքթ. Յարութիւն Արզումանեան եւ Վահէ Քէթլի բարձր տրամադրութեան մէջ էին: Արդէն Միացեալ Նահանգներէն հասած էր այդ օրերու ամենաարդիական Compugraphic տողաշար մեքենան, որուն մէջ հայերէն տառերու ներմուծումը եւ առաջին օգտագործումը կատարուած էր կարճ ժամանակ առաջ, Պոսթոնի «Պայքար» օրաթերթին կողմէ: Հայերէն մեքենագրութեան վարժ Վահէ Քէթլի արդէն Պոսթոնի մէջ որոշ գործնական վարժութիւններ կատարած էր նոր սարքաւորումին վրայ եւ որպէս գաղութին գործունէութիւններուն մօտէն ծանօթ անձ, պիտի տրամադրէր համայնքային լուրեր: Խմբագրի պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր Արսէն Նուպար Մամուրեան, իսկ քոյր թերթերու ցանցին հետ կապը պիտի պահէր ՌԱԿ Մամլոյ Դիւանի ատենապետ՝ Երուանդ Ազատեան: Կը մնար համաձայնիլ նոր թերթին անունին շուրջ: Մէջտեղ բերուած քանի մը անուններէն յարմարագոյնը նկատուեցաւ «Ապագայ», առաջարկուած Ե. Ազատեանի կողմէ, որ մէկ կողմէ կը վերակոչէր անցեալին Փարիզի մէջ հրատարակուած նոյնանուն թերթը, եւ միւս կողմէ՝ նորակազմ այս գաղութին կը խոստանար սատարել պայծառ ապագայի մը կերտումին:

Առաջին թիւի էջադրութիւնը (եւ յաջորդող քանի մը տարիներուն) կատարեց Եղիա Պէքմէզճեան: Ամբողջ գիշեր աշխատելէ ետք, 12 էջերուն կազմութիւնը աւարտեցաւ առաւօտեան լուսաբացին եւ յանձնուեցաւ տպագրութեան: Այնուհետեւ ամէն երկուշաբթի գիշեր մինչեւ առաւօտեան ժամը 2-3 կը տեւէր թերթին կազմութեան աշխատանքը:

Երեք տարի ետք Ֆրանսայէն Մոնթրէալ ժամանումովը պրն. Երուանդ Փափազեանի, որոշուեցաւ թերթին էջերուն թիւը աւելցնել 2-ական էջ ֆրանսերէն եւ անգլերէն յաւելուածներով: Յաջորդ տարին , համալսարանական դասընթացքներու հետեւելու պատճառով, պարտադրաբար Արսէն Նուպար Մամուրեան կը դադրէր խմբագրութեան պատասխանատուութենէն, սակայն միշտ կապերը եւ աշխատակցութիւնը պահելով «Ապագայ»ին հետ: Խմբագրութիւնը կը ստանձնէր Երուանդ Փափազեան, օգնական ունենալով տօքթ. Յարութիւն Արզումանեանը եւ Վահէ Քէթլին: Այդ տարիներուն, էջադրութիւնը ստանձնած էր Ցոլակ Պապիկեան: Տեղի անբաւարարութեան պատճառաւ, էջադրութեան եւ սրբագրութեան աշխատանքները կը կատարուէին սրահին մէջ գտնուող փինկ-փոնկի սեղանին վրայ, մինչ սրահին միւս անկիւնները ժողովներ կը գումարուէին, այցելուներ կը հիւրասիրուէին կամ նարտի խանդավառ խաղեր կը սարքուէին: Անգլերէն բաժնի մեքենագրութիւնը կը կատարէր Հուրի Գարաօղլանեան: Քանի մը տարի ետք անձնակազմին կը միանար Տիգրան Աւագեան, որ օգտակար կը հանդիսանար մեքենագրութեան էջադրութեան եւ այլ աշխատանքներու մէջ:

Հակառակ իր յառաջացած տարիքին եւ դիւրաբեկ առողջութեան, Երուանդ փափազեան շարունակեց իր պատասխանատու պաշտօնը մինչեւ իր կեանքի վերջին օրը եւ իր հոգին աւանդեց նստած իր տան գրասեղանին առջեւ: Իր մահէն ետք, իր դուստրը՝ Նիքոլ Փափազեան Հերնանտէս, իր ամուսնոյն՝ Հիւկօ-ի հետ մինչեւ այսօր կը շարունակէ շաբաթական կանոնաւորութեամբ իր մասնակցութիւնը բերել ֆրանսերէն բաժնին պատրաստութեան: Այս բաժնին իր սիրայօժար օժանդակութիւնը կը բերէր կարճ ատեն մը Վիլմա Հալեբլի:

Յաջորդող տարիներուն, անհրաժեշտ դարձաւ գնել նոր Compugraphic մեքենայ մը, աւելի դիւրացնելու եւ արագացնելու համար մեքենագրական աշխատանքը: Կարճ ժամանակաշրջան մը խմբագրական պաշտօնը կատարեց ողբ. Մկրտիչ Նալպանտեան, որուն յաջորդեց Վահան Գոչունեան, որ շրջանի մը համար ստանձնեց ընդհանուր խմբագրութիւնը միշտ օգնական ունենալով տօքթ. Յ. Արզումանեանը: Որոշ շրջան մը մեքենագրական աշխատանքին մէջ իր գնահատելի օժանդակութիւնը բերաւ Մուրատ Քէօշկէրեան:

Անկիւնադարձային թուական մը եղաւ 1985-ը, երբ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը տեղափոխուեցաւ իր այժմու նորակառոյց կեդրոնին մէջ եւ յատուկ բաժին մը յատկացուեցաւ «Ապագայ»ի խմբագրութեան: Նոյն ժամանակ, պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը վերստանձնեց Արսէն Նուպար Մամուրեան այս անգամ լրիւ ժամանակով: Այս շրջանին էջադրութիւնը ճարտարօրէն կը կատարէր Սօնիա Ճանճիկեանը:

Մօտ տասնամեակ մը ետք, մինչ արագօրէն կը յառաջդիմէր հաղորդակցութիւններու զարգացումը (Ֆաքս, »ի-մէյլ, ինթերնէթ) 1984-ին այլեւս ժամանակավրէպ դարձած Compugraphic-ը կը փոխարինուէր շատ աւելի կոկիկ մաքուր եւ արագ համակարգիչներու դրութեամբ: Այս փոխանցման աշխատանքին իր կենսական աջակցութիւնը բերաւ Պոսթոնի Պայքար հաստատութեան վարիչ տնօրէն Միհրան Մինասեան: Նոր դրութեամբ էջադրութիւնը սկսաւ կատարել այդ մարզին մէջ մասնագիտական պատրաստութիւն ստացած Ժագ Գոֆթիկեան, որ ցարդ ամբողջական նուիրումով կը շարունակէ այդ աշխատանքը: «Ապագայ»ի ծնունդի առաջին օրէն սկսեալ հակառակ համայնքային բազմաթիւ այլ պարտականութիւններու, մեքենագրութեան աշխատանքը ժամացոյցի կանոնաւորութեամբ կատարեց Վահէ Քէթլին, մինչեւ իր կեանքի վերջին օրը՝ Մայիս 18 1999: Իր մահէն ետք, այդ աշխատանքը արդիւնաւոր կերպով կը կատարեն Ծերոն Օհանեան եւ Մկրտիչ Ղազարեան:

Նոյնպիսի նուիրուածութեամբ, թերթին առաջին իսկ թիւէն սկսեալ, մինչեւ իր մահը 1994, նկարահանումի աշխատանքը սիրայօժար կերպով կատարեց Օննիկ Պալեան, որ նոյնիսկ իր հիւանդութեան օրերուն, կարելի եւ անկարելի պայմաններու տակ ներկայ կ’ըլլար ձեռնարկներուն թերթին լուսանկարներ ապահովելու փութկոտութեամբ:

 

«Ապագայ»ն բախտաւոր պէտք է նկատէ ինքզինք որ այսպիսի անձնուրաց նուիրեալներ ունեցած է իր շուրջ: Անոնց շարքին չենք կրնար մոռնալ տիկին Նուարդ Բարաղամեանը, որ 27 տարիներ խղճմտօրէն ու բծախնդրութեամբ վարեց թերթին, ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի քարտուղարական աշխատանքները: Նուարդի հանգստեան ելլելէ ետք, կրկնակի բախտաւորութիւնը ունեցանք երիտասարդական խանդավառութեամբ ու բազմակողմանի շնորհներով օժտուած տիկին Սալբի Հալաճեան-Մարկոսեանի նոյն պաշտօնին կոչուիլը: Մինչ ամբողջ աշխարհ համացանցային յեղափոխութեամբ կը պատշաճեցնէր առօրեայ գործունէութիւնները,  մենք եւս կարողացանք նոյն պատշաճեցումը իրագործել շնորհիւ Սալբիի համակարգչային բարձր կարողութիւններուն:

Ամէն Հինգշաբթի օր թերթի առաքման տաղտկալի աշխատանքին սիրայօժար կերպով անցեալին օգնած են Սարգիս Սարգիսեան, Սուրէն Թաշճեան, Հրանդ Մանուկեան, Արթաքի Պետրոսեան, Օննիկ Պալեան, Յովհաննէս Գնաճեան, Տիկին Գոհար տէր Գէորգեան եւ վերջին տարիներուն՝ Կարպիս Աբօշեան, Պերճ Քիւփէլեան, Սիլվիա Թելլալեան եւ ուրիշներ:

«Ապագայ»-ի սրբագրութեան պատասխանատուութիւնը, ժամանակաւոր սիրայօժար յանձն առած էր գաղութիս հանրածանօթ՝ օրդ. Արմինէ Քէօշկէրեանը:

«Ապագան ունեցաւ նաեւ հրատարակչական գործունէութիւն, սակայն նիւթական միջոցներու եւ անձնակազմի սահմանափակումներու պատճառաւ կարելի եղաւ հրատարակել միայն երեք գրքեր՝ Յակոբ Խաչիկեանի The Battle of the Prophets (1981), Արսէն Նուպար Մամուրեանի  «ՌԱԿ-ի Ազգանուէր Ծառայութեան 60 Տարիները» (1981) եւ Եզնիկ Ծիրկաթինի «Ճամբորդական Նօթեր» (1982):

2010 թուականին խմբագիր Արսէն Նուպար Մամուրեան հանգստեան կոչուեցաւ, եւ միջանկեալ երկու տարիներու ընթացքին խմբագրութիւնը վարեց Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեան, մինչեւ որ Սուրիայէն նոր գաղթած երիտասարդ մտաւորական եւ դաստիարակ Աւետիս Պագգալեան ստանձնեց թերթին խմբագրութիւնը. Ան ձեռնհասօրէն կը շարունկէ իր նուիրեալ ծառայութիւնը բերել մինչեւ այսօր:

Այս 40 տարիներու ընթացքին բախտաւորութիւնը ունեցանք նաեւ միշտ վայելելու երկու հիմնադիր կաղնիներու հովանին՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի եւ Երուանդ Ազատեանի : Առաջինը՝ իր կուռ ղեկավարութեամբ, եւ երկրորդը՝ իր հրապարակագրական հարուստ փորձառութեամբ եւ համահայկական լայնածիր կապերով, առաջնորդեցին մեր վարանոտ քայլերը ու կը շարունակեն քալել մեր կողքին:

Անցան քառասուն տարիները քառասուն ամիսներու նման եւ արդէն մտած ենք լրագրական միջազգային նոր հանգրուանի մը մէջ, որդեգրելով համացանցային (online) արագ լրատուութեան ամենաարդիական դրութիւնը: Արդէն համաշխարհային եթերին մէջ իր ներկայութիւնը ունեցաւ ABAKANEWS.ORG կայքը որ օրը օրին կը հայթայթէ վերջին լուրերը գունազարդ նկարներով: Դարձեալ բախտաւորութիւնը ունեցանք որ այս ամենաարդիական դրութեան հաստատումը յաջողցուց գլխաւորաբար երիտասարդ տաղանդաւոր մասնագէտ Արա Եազըճեանը, որուն կը պարտինք խորունկ երախտագիտական զգացումներ:

Ու լաւատեսութեամբ կը նայինք դէպի մօտաւոր եւ հեռաւոր ապագային, «Ապագայ»ին մաղթելով յիսնամեակներու եւ հարիւրամեակներու հպարտառիթ հանգրուաններ:

Յ. Ա.