Սփիւռքի Խաչքարերը Վենետիկէն Մինչեւ Մոնթրէալ

Պոլսահայ Միութիւն

 

Նախաձեռնութեամբ՝ Պոլսահայ Միութեան «Մէկ» յանձնախումբին, 9 Ապրիլ երեկոյեան Հրայր Խաչէրեան (Hawk), պատրաստած էր առցանց հաղորդում մը, ուր ան կը տողանցէր Սփիւռքի Խաչքարերու պատմականը, երբեմն արկածախնդրական, երբեմն հարցադրումներով լի, սակայն միշտ շահեկան իրականութիւններով:

Հրայր Խաչէրեանի՝ խաչքարերու իր հմտութիւնը, քանիցս վայելած ենք, զանազան առիթներով, մանաւանդ իր պատրաստած երանգաւոր լուսանկարներու գիրք-պատկերատետրերը՝ (Album), Flying Eye, Armenia Heaven ON REARTH եւ ուրիշներ:

Կապուած հետաքրքրութեամբ հետեւեցանք իրեն՝ տեսասալիկ ի (Slide) ընկերակցութեամբ. ան մեզ օրօրեց ու տարաւ Վանայ Լիճ, Լիմ Կղզի, Աղթամար, Սարդարապատի Ալեք եւ Մարօ Մանուկեաններու թանգարան ը, յետոյ սահմանները անցնելով մեզի փոխադրեց, վենետիկ, Ս. Լազար, յետոյ Վայաձոր, Գեղարդ: Յուզիչ էր Արարատի զոյգ երեսներու կողքին փլատակ կամ բոլորովին ոչնչացած խաչքարերու պատմութիւնը:

Հրայր Խաչէրեան յայտնեց ֆիզիքական վտանգներու, կամ իշխանութիւններու հետ իր ունեցած մարտահրաւէրներու մասին, առաւել  յիշեց,  բծախնդրութեամբ որոշելը՝ օրուայ յարմարագոյն ժամերը, լաւագոյնս լուսանկարելու այդ գլուխ-գործոցները:

Կը շնորհաւորենք Պոլսահայ Միութեան եւ Հրայր Խաչէրեանի այս ծանօթարկիչ հանդիպումը, ինչպէս նաեւ ժրաջան վարչական Թամար Մաթիկի, որ եղաւ պատշաճ հաղորդավարը, ներկայացնելու ու յետոյ փակելու սոյն առցանց հաղորդումը:

Պ. Գ.