Անյայտ անձիք, Հոկտեմբեր 10-ի երեկոյեան, քարեր նետած են Իսթանպուլի Քումքափը թաղամասին մէջ գտնուող Հայոց պատրիարքարանի շէնքի ուղղութեամբ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Իսթանպուլի հայկական «Ակօս»-ը, Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի շէնքը քարկոծելէ ետք դէպքի վայր ժամանած են ոստիկանները, սակայն դեռ անյայտ է, թէ որոնք եւ ինչու քարկոծած են շէնքը:
Պատրիարքական փոխանորդ, արք. Արամ Աթեշեան նշած է, թէ յայտնի չէ, թէ յարձակումը պատրիարքարանին՞, թէ՞ պատրիարքարանը հսկող ոստիկանական կէտի դէմ իրականացուած է: