Կիրակի՝ 11 Հոկտեմբեր 2015-ին, «Էրեբունի-Երեւան – 2797» տօնակատարութեան 2-րդ օրուան հիմնական ձեռնարկները սկսան առաւօտեան ժամը 10:00-ին` ջրցան մեքենաներու շքերթով։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանը:
Տօնին առիթով յատուկ զարդարուած ջրցաններու առաւօտեան երթը մայրաքաղաքի գլխաւոր ու երկրորդական փողոցներուն մէջ սկսած է ձայնային ազդանշաններով եւ վերածուած շքերթի, որմէ ետք սկսած է «Իմ ջերմ ու բարի քաղաք» կարգախօսով «Էրեբունի-Երեւան-2797»-ի տօնակատարութեան երկրորդ օրը:
«Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութեան ծիրին մէջ Երեւանի քաղաքապետին կից երիտասարդութեան հարցերու խորհուրդի եւ այլ կամաւորներ խումբերով շրջած են քաղաքին փողոցներուն եւ այգիներուն մէջ եւ լուացած, մաքրած են յուշարձանները, կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանը:
Աշխատանքներուն արհեստագիտական եւ մարդկային պաշարներով աջակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու Երեւանի փրկարարական վարչութեան տարածքային ստորաբաժանումները եւ հրշէջ փրկարարական ջոկատներու անձնակազմերը:
Նախաձեռնութեան ընթացքին լուացուած են Գայի, Հայկ Նահապետի, Վարդան Մամիկոնեանի, Ալեքսանդր Թամանեանի, Ալեքսանդր Մեասնիկեանի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Պարոյր Սեւակի, Ալեքսանդր Գրիբոյեդովի, Խաչատուր Աբովեանի, Եղիշէ Չարենցի, Գարեգին Նժդեհի, Անդրանիկ Օզանեանի, Գէորգ Չաուշի, Արամ Խաչատրեանի, Սասունցի Դաւիթի եւ այլ յուշարձաններ: