Շաբաթ 17 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Սէն Լորանի Էմիլ Լըկօ սրահին մէջ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան ՀԱՅ ԲԵՄ թատերախումբը, ֆրանսերէն լեզուով, հանդէս կու գայ Ռիչըրտ Քալինոսքիի հանրածանօթ «Une bête sur la lune» թատրերկով, բեմադրութեամբ Նանսի Իսա Թորոսեանի: Բեմադրութիւնը կը կրկնուի 24 եւ 25 Հոկտեմբերին, յաջորդաբար երեկոյեան ժամը 8-ին եւ 7-ին, քաղաքամէջի Gesù սրահին մէջ: Երեք ներկայացումներն ալ կը վայելեն Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմնի հովանաւորութիւնը:
Քալինոսքիի գլուխ գործոցը համարուող այս երկը դրուագ մըն է ցեղասպանութենէն վերապրած երկու որբերու մասին, որոնք կը փորձեն արհաւիրքէն խոցուած ու փշրուած հոգիներով՝ վերսկսիլ նոր կեանք մը, Ուիսքանսինի մէջ ընտանեկան բոյնի մը կազմութեամբ: Կորուստի տառապանքն ու ցեղասպանութեան անապատի ուրուականները կը հետեւին իրենց ամէն մէկ քայլափոխին:
1995-էն ի վեր, Քալինոսքիի այս գործը թարգմանուած է 19 լեզուներու եւ խաղցուած 20 երկերներու բեմերուն վրայ: 2001-ին, անոր ֆրանսական բեմադրութիւնը արժանացած է Ֆրանսայի թատրոնի եւ եօթներորդ արուեստի յատուկ՝ 5 Մոլիէր մրցանակներու: Նշենք նաեւ թէ՝ Հայ Բեմ թատերախումբը այս գործով արդէն իսկ չորս ներկայացում իրականացուցած է հայերէն լեզուով, «Գազանը՝ լուսնի վրայ» վերտառութեամբ:
Հայ բեմարուեստի երկրպագուներուն կը մնայ մեծաթիւ ներկայութիւն արձանագրել այս ելոյթներուն եւ իրենց շրջապատի օտար բարեկամները հրաւիրել անոնց: