Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Քալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնոյի շրջանի բժիշկները

Հոկտեմբեր 11-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ հիւրընկալեց ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնոյի շրջանի բժիշկները` ուղեկցութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի: Այս մասին կը յայտնեն Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:

Պրն. Պերճ Աբգարեան, ներկայացնելով արհեստավարժ բժիշկները, Նորին Սրբութեան տեղեկացուց, որ իրենք ժամանած են Հայաստան՝ իրենց մասնագիտական հարուստ փորձառութեամբ աջակցելու յատկապէս Հայաստանի մարզերու բնակչութեան:

Զրոյցի ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր գնահատանքը փոխանցեց Մայր Աթոռ այցելած բժիշկներու խումբին` ընդգծելով, որ վերջիններս կ’իրականացնեն օրհնեալ եւ աստուածահաճոյ առաքելութիւն` առողջապահութեան ոլորտին մէջ իրենց անսակարկ ծառայութիւնը մատուցելով հայ ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն: Գարեգին Բ Հայրապետը մեծ գոհունակութեամբ փաստեց, որ բժիշկներու խումբը պիտի հոգայ յատկապէս մարզային բնակչութեան կարիքները:

Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ Մայր Աթոռի հովանիի ներքոյ գործող «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի գործունէութեան` հիւրերուն ներկայացնելով վերջին տարիներուն հայ հասարակութեան մէջ բժշկական հաստատութեան կողմէն իրականացուող հասարակական ծրագիրները:

Հանդիպման աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Աստուծոյ օգնականութիւնն ու զօրակցութիւնը հայցեց անոնց՝ պատասխանատու առաքելութեան ընթացքին:

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան: