Շաբաթ՝ 22 Մայիս 2021-ին, կատարուեցաւ քօղազերծումը Շառլ Ազնաւուրի կիսանդրիին, որ կը գտնուի Փարիզի Օտէոն խաչմերուկին վրայ։ Բացումը կատարեց քաղաքապետ Անն Հիտալկօ. ներկայ էին Ազնաւուրի ընտանիքի անդամները, Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Դոլմաջեան, քաղաքապետարանի կցորդներ եւ շրջանի ընտրեալ ներկայացուցիչներ։
Նշենք, որ կիսանդրին գործն է արուեստագիտուհի Ալիս Մելիքեանի. ան զայն 1964-ին քանդակած եւ նուիրած էր Ազնաւուրին, անոր՝ Հայաստան առաջին այցելութեան։