Ստեփանակերտի Շառլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնի տարածքին վրայ գտնուող Հայ-ֆրանսական բարեկամութեան պուրակին մէջ, 22 Մայիսին տեղի ունեցաւ Շառլ Ազնաւուրի կիսանդրիի բացման արարողութիւնը:
Կիսանդրիին բացման պատիւը տրուած էր քանդակագործ եւ կիսանդրիի հեղինակ Եուրի Յովհաննիսեանին եւ Շառլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Արմէն Յովսէփեանին:
Յովսէփեան, ներկայացնելով Ազնաւուրի կենսագրութիւնը՝ բարձր գնահատեց մեծանուն երգիչին դերը եւ վաստակը համաշխարհային մշակոյթին ու հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: