Վիեննայի մէջ բարեգործական համերգի կազմակերպիչները հասոյթը փոխանցած են Սուրիոյ հայ համայնքին

Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Աւստրիոյ գրասենեակը Հոկտեմբեր 9-­ին համատեղ կազմակերպած են բարեգործական համերգ` ի աջակցութիւն Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն տուժած հայ համայնքին: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը, համերգի ամբողջ հասոյթը փոխանցուած է Սուրիոյ ՀԲԸՄ-­ին:

Համերգին հնչած են Արամ Խաչատրեանի լաւագոյն ստեղծագործութիւնները` Միացեալ Նահանգներէն­ ժամանած անուանի հայ դաշնակահարուհի Կարինէ Պօղոսեանի կատարմամբ:

Ձեռնարկը տեղի ունեցած է Վիեննայի ՀՀ առաքելութեան «Հայաստան» կեդրոնին մէջ: Աւստրիահայ համայնքի ներկայացուցիչներէն բացի, համերգին ներկայ եղած են Վիեննայի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներ, օտարերկրացի հանդիսատեսներ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան, որ ընդգծած է աշխարհասփիւռ հայութեան կողմէ սուրիահայերուն օգնութեան ձեռք մեկնելու պատրաստակամութիւնը: