Աշխարհի երկրորդ ամենահին` Օքսֆորտի համալսարանի Պոտլէեան գրադարանը կը պատրաստուի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ցուցադրութեան հանել հայկական հազուագիւտ ձեռագիրներու եւ տպագիր գրականութեան իր հաւաքածոն: «Հայաստան. յարակայուն մշակոյթի ձեռագիրները» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը նուիրուած է հայ ժողովուրդի 2500-ամեայ պատմութեան եւ մշակոյթին:
Ինչպէս Պոտլէեան գրադարանի հասարակայնութեան հետ կապի եւ հաղորդակցութեան բաժնի պատասխանատու Էլեյն Պայպլը «Արմէնփրէս»-ը կը տեղեկացնէ, հանրութեան պիտի ներկայացուին հայկական ձեռագիրներու, տպագիր գրականութեան, հայկական համայնքի կիրառական արուեստի եւ հոգեւոր իրերու 100-էն աւելի նմուշներ, ինչպէս գրադարանի, այնպէս ալ մասնաւոր հաւաքածոներէ, որոնք պահուած են Հայաստանի, Հոլանտայի եւ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ:
Ցուցադրութիւնը այցելուներու առջեւ իր դռները պիտի բանայ Հոկտեմբեր 23-ին:
Պոտլէեան գրադարանը Եւրոպայի ամենահին գրադարաններէն է, իսկ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ, Բրիտանական գրադարանէն ետք, մեծութեամբ երկրորդն է` իր 11 միլիոն նմուշով: Գրադարանը գլխաւորապէս կը գործէ որպէս գրադարան-ընթերցասրահ, եւ այնտեղ պահուող փաստաթուղթերը հիմնականօրէն չեն կրնար դուրս հանուիլ ընթերցասենեակներէն: Գրադարանը ունի հայերէն ձեռագիրներու եւ գիրքերու բաւական հարուստ հաւաքածոյ: Ցուցակներու մէջ պահպանուած նմուշներուն համաձայն` գրադարանը առաջին հայերէն ձեռագիրը ստացած է 1635 թուականին արքեպիսկոպոս Լաուտի կողմէ: