Քառասնամեայ «Ապագայ»ն բացումը կատարեց համացանցային ABAKAnews.org եռալեզու online հրատարակութեան :
Հոկտեմբեր 9-11, 2015-ը որպէս պատմական շաբաթավերջ պիտի արձանագրուի Մոնթրէալահայութեան տարեգրութեան մէջ:
Շաբաթ 10 Հոկտեմբերին, Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան մէջ տեղի ունեցաւ ՄՆ եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան տարեկան Պատգամաւորական ժողովը մասնակցութեամբ եօթ մասնաճիւղերու 30 պատգամաւորներու:
Շաբաթ՝ 10 Հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Նախագահութեամբ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Լիազօր եւ Արտակարգ դեսպան վսեմաշուք Տիար Արմէն Եգանեանին, ներկայութեամբ Ապագայ-ի գլխաւոր հիմնադիրներու՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի, Տօքթ. Յարութիւն Արզումանեանի եւ Տիար Երուանդ Ազատեանի նոյնպէս Թորոնթոյէն Եւ Ամերիհկայի Միացեալ Նահանգներէն յատուկէն ժամանած Թէքէեան Մշակութային Միութեան պատգամաւորական ժողովին մասնակից բազմաթիւ պատգամաւորներու, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալահայ գաղութի գրասէրներու հոծ բազմութեան՝ մեծ խանդավառութեամբ, տօնախմբուեցաւ «Ապագայ» շաբաթաթերթի 40-րդ տարեդարձը եւ նոյնպէս բացումը կատարուեցաւ ABAKAnews.org եռալեզուonline հրատարակութեան:
Կիրակի օր Ս. Գր. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգիստ Վահան Թէքէեանի մահուան 70-րդ տարելիցին առթիւ: Ապա, ԹՄՄ-եան մէջ կայացաւ Գոհաբանութեան տօնի յատուկ ընթրիք, որմէ ետք կատարուեցան վերջերս ԹՄՄ-ի կողմէ հրատարակուած երեք գրքերու շնորհանդէսը:
Մանրամասնութիւնները յառաջիկային:
Լուսանկարները՝ Գէորգ Թորոսեանի կողմէ: