Աշխատանքային այցելութեամբ Ճափոն գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելած է Ճափոնի Միջուկային Կարգաւորման Գործակալութիւն (Nuclear Regulation Authority) եւ հանդիպում ունեցած է գործակալութեան նախագահ Ֆուքեթա Տոյոշիի հետ: Նախագահ Սարգսեանն ու Ֆուքեթա Տոյոշին քննարկած են միջուկային անվտանգութեան ապահովման ոլորտին մէջ գործակցութեան առնչուող հարցեր: Ճափոնի Միջուկային Կարգաւորման Գործակալութեան ղեկավարը Հայաստանի հետ գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է` դիտել տալով, որ Ճափոն մշտապէս կը վերազինէ ատոմակայանները եւ սարքաւորումները` համապատասխանեցնելով զանոնք վտանգներուն, եւ այս ոլորտին մէջ երկրի փորձառութիւնը կրնայ ուսանելի ու օգտակար ըլլալ գործընկերներուն համար: Անդրադառնալով գործակցութեան ուղղութիւններուն` կողմերը մասնաւորապէս առանձնացուցած են միջուկային անվտանգութեան կարգաւորումներու, միջուկային վառելանիւթի եւ միջուկային թափօններու կառավարման ոլորտները, ինչպէս նաեւ միատեղ հետազօտական աշխատանքներու իրականացումը միջուկային ֆիզիքայի բնագաւառին մէջ: Գործակցութեան զարգացման նպատակով կարեւոր համարուած են ոլորտի մասնագէտներու փոխ այցելութիւններն ու փոխանակելի ծրագիրները: Ճափոնի Միջուկային Կարգաւորման Գործակալութիւնը պետական մարմին է, որ հիմնուած է Ֆուքուսիմա Թայիչի ատոմակայանին մէջ տեղի ունեցած աղէտէն ետք` 2012-ին` երկրին մէջ միջուկային անվտանգութեան ապահովման նպատակով: