ԵԽ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի Մեծ պալատը Հինգշաբթի` 15 Հոկտեմբեր 2015–ին, վճիռ կայացուց «Փէրինչէքն ընդդէմ Զուիցերիոյ» դէմ դատական գործի վերաբերեալ:
Դատաւորները որոշած են, որ տեղի ունեցած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագրի 10-րդ յօդուածի խախտում եւ այդ հիմքով մերժած են Զուիցերիոյ հայցը:
Որոշման մէջ նաեւ կը նշուի, որ ՄԻԵԴ–էն չի պահանջուիր սահմանել` արդեօք 1915թ. Օսմանեան Կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած հայ ժողովուրդի կոտորածներն ու զանգուածային տեղահանութիւնը կրնան բնութագրուիլ որպէս Ցեղասպանութիւն, եւ որ ՄԻԵԴ–ը իրաւասութիւն չունի այս հարցի վերաբերեալ իրաւական ուժ ունեցող գնահատական տալ:
Նշենք, որ նախորդ` Ստորին պալատի որոշման մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը բնութագրուած էր որպէս պատմական վիճելի փաստ, ինչ որ ալ որպէս երրորդ կողմ կը վիճարկէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը: ՄԻԵԴ-ի մէջ մեր երկրի իրաւունքները պաշտպանած են յայտնի փաստաբաններ Ճեֆրի Ռապըրթսընը, Ամալ Ռամզի Քլունին, Թոպի Քոլիսը:
Յիշեցնենք, որ 2008-ին Զուիցերիոյ դատարաններէն մէկը դատապարտած էր Թուրքիոյ աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Տողու Փէրինչէքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար: Փէրինչէքը դիմած էր ՄԻԵԴ, եւ 2013-ին Եւրոպական դատարանի ստորին պալատը որոշած էր, որ Զուիցերիոյ դատարանի վճիռը Մարդու իրաւունքներու համաձայնագիրի 10–րդ յօդուածի ոտնահարում է: Զուիցերիոյ կառավարութիւնը իր հերթին դիմած էր ՄԻԵԴ` գործը ՄԻԵԴ Մեծ պալատ փոխանցելու խնդրանքով, որ 2014-ին բաւարարուած էր: Յունուար 28-ին ՄԻԵԴ-ի Մեծ պալատին մէջ տեղի ունեցած են «Փերինչէքն ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով դատական լսումները: