Արա Գիւլերի 93-ամեակին նուիրուած՝ Պոլսոյ մէջ ցուցահանդէս բացուած է

Աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Գիւլերի ծննդեան 93-ամեակին առիթով Պոլսոյ «Կալաթա» աշտարակին մէջ բացուած է լուսանկարններու ցուցահանդէս։

Արա Գիւլերի մեկնաբանութիւններով 75 պոլիսեան լուսանկար ընդգրկող հաւաքածուին ցուցադրութիւնը բացուած է Օգոստոս 16-ին՝ լուսանկարիչին ծննդեան օրը։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ մինչեւ Հոկտեմբերի վերջ։

Արա Գիւլեր ծնած է 1928 Օգոստոս 16-ին Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ։  Աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչլրագրողը յայտնի է  «Ստամբուլի աչք», «Ստամբուլի լուսանկարիչ», «100-ամեակի լաւագոյն լուսանկարիչ», «անգերազանցելի ֆոթոպատմաբան» կեղծանուններով։

Գիւլեր իր գործունէութեան ընթացքին լուսանկարած է այնպիսի հեղինակաւոր անձեր, ինչպէս՝ Ուինսթըն Չըրչըլ, Մարիա Գալաս, Ճոն Պերկըր, Պերդրան Ռասսէլ, Սալւատոր Տալի, Փապլօ Փիքասօ, Ինտիրա Կանտի եւ այլն։ Պոլսոյ մէջ գտնուող անոր հայրական տունը վերածուած է տունթանգարանի, իսկ առաջին յարկին վրայ գտնուող «Արա» սրճարանը նշանաւոր արուեստագէտներու հաւաքատեղի է։
Աւարտին յիշենք, որ Արա Գիւլեր մահացած է 2018 Հոկտեմբեր 17-ին եւ թաղուած Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող հայկական գերեզմանատան մէջ։