Արցախի մէջ կրթամշակութային ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան

Սեպտեմբեր 16-18՝ կրթական, մշակութային փոխանակումներու ծրագիրով՝ «Արցախիկներ» խումբը՝ երաժիշտ, շեփորահար Տիգրան Սուչեանի ղեկավարութեամբ, ինչպէս նաեւ հայ երաժշտարուեստի յայտնի ներկայացուցիչներ, հանդէս պիտի գան Արցախի Մարտունի, Մարտակերտ ու Ստեփանակերտ քաղաքներուն մէջ: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած է «Արցախիկներ» խումբի համերգներու կազմակերպիչ Քնարիկ Ներսիսեան:

Համերգը պիտի կրէ «Արի Արցախ» խորագիրը։

«Կայանալիք ձեռնարկներուն նպատակն է ստեղծել յարաբերութիւններու նոր հարթակ, աշխոյժ ու կենսունակ պահել Արցախի մէջ կրթամշակութային կեանքը։ Սեպտեմբեր 16-ին՝ ժամը 16:00-ին, Մարտունիի Օփերայի տան մէջ եւ Սեպտեմբեր 17-ին՝ ժամը 16:00-ին, Մարտակերտի Մշակոյթի տան մէջ հանդէս պիտի գան «Արցախիկներ» խումբը, Տիգրան Սուչեանը, Նորայր Քարտաշեանը, Կարէն Մամիկոնեանը, Գրիգոր Դաւթեանը։ Նոյն օրը՝ ժամը 17:00-ին, Մարտակերտի մէջ պիտի կայանայ Շուշան Պետրոսեանի համերգը:

«Սեպտեմբեր 18-ին՝ ժամը 12:00-ին, Ստեփանակերտի Սայաթ-Նովայի անուան երաժշտական քոլէճին մէջ, իսկ 15։00-ին՝ Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցին մէջ պիտի կազմակերպուին վարպետաց դասեր. 17։00-ին պիտի կայանայ «Արցախիկներ» խումբի համերգը: Նոյն օրը՝ ժամը 19։00-ին, «Եւրոպա» հիւրանոցին մէջ «Արցախիկներ» խումբը հանդէս պիտի գայ եզրափակիչ համերգով»,- նշած է Ք. Ներսիսեան: