ՊԱՏԱՌԻԿՆԵՐ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ

Լուրեր Նիւ Եորքէն / ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Ցեղասպանութեան դարադարձին շնորհաւորելի նախաձեռնութիւն մըն է անկասկած Փրոֆ. Արմէն Մարսուպեանի այս հրատարակութիւնը, նուիրուած իր մօրենական գերդաստանին՝ Տիլտիլեաններուն, որոնք կրցած են 1000ի մօտ լուսանկարներ փրկել ու հասցնել, իրենց գաղթականութեան ճանապարհով դէպի Յունաստան ու ապա՝ Միացեալ Նահանգներ:

Չորս սերունդ անոնք եղած են լուսանկարիչներ ու նկարին յանձնած որքան ընտանեկան նոյնքա՛ն եւ աւելի՝ ազգային եւ օսմանեան պատկերներ, առնուած զանազան առիթներով:  Հրաշալի թողօն մը փրկուած այսօր մաս կը կազմեն մեր անցեալի կեանքին իրականութեան:  Արմէնի մօրենական ընտանիքը Մարզուանէն ու հօրենականը՝ Բալուէն (Խարբերդ եղած են):  Ու այս լուսանկարներով ու լայն ազգագրական բացատրութիւններով հրատարակութեան տուած է պատկառելի գիրք մը՝ «Կորսուած Հայրենիքէն Պատառիկներ – Յիշելով Հայաստանը» խորագրով:

Այս լուսանկարներով Արմէն տուած է ցուցահանդէս ու դասախօսութիւն Իսթանպուլի, Մարզուանի եւ Տիարպէքիրի մէջ եւ գտած լայն ընդունելութիւն թուրք եւ քիւրտ հետաքրքրուողներու կողմէ:  Ան ունի շփումներ թրքական մտաւորական շրջանակներու հետ, որոնք կ’ապահովեն իր գործին տարածումը թրքական հանրապետութեան զանազան շրջաններու մէջ:  Շուտով պիտի մեկնի Անգարա, նոյն ծրագրով, ու այս անգամ այդ գործերը պիտի ցուցադրուին պետական հաստատութենէ մը ներս, ի տարբերութիւն նախորդ երեք ցուցահանդէսներուն, որուն վերջինը կայացաւ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Հոկտեմբեր 15, 2015, երեկոյեան ժամը 7ին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն եւ գրքի ներկայացումը Փրոֆ. Արմէն Մարսուպեանին, ՀԲԸՄի Նիւ Եորքի գրասենեակին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ ՀԲԸՄի, Թէքէեան եւ Համազգային Մշակութային Միութիւններուն:  Ըսենք որ յարգելի հեղինակը դասախօս է փիլիսոփայութեան Հարաւային Գընեթիքըթ Հանրային Համալսարանէն ներս, որուն նախագահն է Դոկտ. Մէյրի Փափազեան:

Տիլտիլեաններ 1915ի տեղահանութեան օրերուն մնացած են Մարզուան մինչեւ 1920 թուականը, որմէ ետք անցած՝ Կ. Պոլիս, ուր յոյն եւ թուրք իրարամարտ ազատագրական պայքարով մաքառող ոյժերուն հաւասարապէս նկարահանած:  Անցած են Յունաստան եւ այնուհետեւ Միացեալ Նահանգներու Հարթֆըրտ քաղաքը, որ գաղթականութեան առաջին շրջանին դարձած էր հայաբնակ համայնք մը, հոն գոյութիւն ունեցող գործարաններուն պատճառով:  Տիլտիլեաններու սերունդը մինչեւ 1980ական թուականներ պահած են իրենց պապենական արհեստը՝ լուսանկարչութիւնը:  Դաւանանքով հայ աւետարանականներ եղած են անոնք: