«Տաշիր» ընկերութիւնը կը նախատեսէ արտադրական հզօրութիւնները եւ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու, նաեւ երիտասարդական գործարարութիւնը խթանելու համար 130 միլիոն տոլարի ներդրում ընել։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին Երեւանի մէջ Armenia Business Forum-ի բացման իր խօսքին մէջ նշեց «Հայ գործարարներու միութեան» նախագահ, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի նախագահ՝ Սամուէլ Կարապետեանը՝ ներկայացնելով «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի առաջիկայ հինգ տարուայ ծրագիրները։
«Տնտեսութեան զարգացումն անհնար է առանց արտադրական հզօրութիւնների զարգացման, այդ թւում՝ առանց այդ ոլորտում նոր նորարար լուծումների կիրառման։ Նոր հզօրութիւնների զարգացումը ամբողջ տնտեսութեան շարժիչ ուժն է։ Այն մեծացնում է արտահանման կարողութիւնը, երկրի բնակչութեանը ապահովում է աշխատատեղերով։ Այս նպատակի համար յատկացուելու է 50 միլիոն տոլար»,- ըսաւ Կարապետեան։
Ըստ հայ գործարարին՝ «Տաշիր» ընկերութեան համար երկրորդ կարեւոր ուղղութիւնը զբօսաշրջութեան ոլորտն է։
«Զբօսաշրջիկութեան ոլորտը մեծ ուշադրութիւն է պահանջում։ Հայաստանը իւրայատուկ զբօսաշրջիկական երկիր է, զարգացման մեծ կարողութիւն ունի։ Այդ նպատակների համար կը յատկացնենք մօտ 50 միլիոն տոլար»,- նշեց Կարապետեան։
Յաջորդը, ըստ Կարապետեանին, երիտասարդական գործարարութեան խթանումն է։
«Կարեւոր է չանտեսել նաեւ երիտասարդ սերնդի նախաձեռնութիւններին աջակցութիւնը։ Այդ ծրագրերին կը տրամադրենք մօտ 30 միլիոն տոլար»,-եզրափակեց Կարապետեանը։