Հակառակ COVID-19 համավարակի մարտահրաւէրներուն՝ Հայաստանի մէջ ամառը արձանագրուած է զբօսաշրջային աշխուժութիւն։
Զբօսաշրջութեան կոմիտէին տեղեկութիւններով՝ ամառը Հայաստան այցելած է 313,396 զբօսաշրջիկ, իսկ Յունուար-Օգոստոսին այդ թիւը կազմած է 488,558:
Մեր երկիր եկած զբօսաշրջիկներուն մէջ կը գերակշռեն Ռուսիայէն ժամանածները, այնուհետեւ՝ Իրանէն, Վրաստանէն եկածները:
Այցելութիւններ եղած են նաեւ Ուքրանիայէն, Հնդկաստանէն եւ այլ երկիրներէ:
Զբօսաշրջային այցերը ամրան ընթացքին ամենաաշխուժը եղած են Օգոստոսին։
Յունիսին արտերկրէն Հայաստան այցելողներուն թիւը եղած է 64,101, Յուլիսին՝ 106,127, Օգոստոսին 143,168: