Ընդառաջելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Երեքշաբթի՝ 20 Հոկտեմբեր 2015-ին, Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ նախագահ Փութինի հետ:
Նախագահները քննարկեցին Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու շարունակութեան ու ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարի, ինչպէս նաեւ ռուսական օդուժի զինուորական գործողութիւններու հետապնդման առնչուող խնդիրներն ու սուրիական բանակի գործողութիւններուն զօրակցելու քայլերը:
Կողմերը հաստատեցին, որ Սուրիոյ ճակատագիրը Սուրիոյ ժողովուրդը կը ճշդէ:
Նախագահ Ասատ Փութինի ուշադրութեան յանձնեց Սուրիոյ իրավիճակը, սուրիական բանակի ծրագիրները եւ Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու ընթացքը, արտայայտելով ռուսական կողմին նկատմամբ Սուրիոյ ժողովուրդի երախտագիտութիւնը:
Ան նշեց, թէ ռազմական գործողութիւններուն նպատակը ահաբեկչութեան դէմ դնելն է, որ արգելք կը հանդիսանայ քաղաքական լուծման գործընթացին, ապա շեշտեց, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ ռուսական օդուժի ներառումը կասեցուց ահաբեկչական խմբաւորումներուն հոսքը եւ յոյս յայտնեց զոյգ երկիրներու միջեւ գործակցութեան շարունակականութեան, մանաւանդ նկատի ունենալով Սուրիոյ վերաշինութեան հետագայ ծրագիրները:
Իր կարգին Փութին աւելցուց. «Սուրիոյ տագնապի լուծման կարելի է հասնիլ քաղաքական երկարատեւ եւ համակարգուած բանակցութեան ճամբով, սուրիական բոլոր կողմերուն ներգրաւմամբ: