Ջիվան Ավետիսյան եւ Վիգէն Ադդարեան՝ եռապսակ հանդիպում «ԱՊԱԳԱՅ»ի հետ

Ձախէն աջ: Պերճ Գոգորեան, Ջիվան Ավետիսյան, Վիգէն Ադդարեան

Հարցազրոյցը վարեց՝ Պերճ Գոգորեան

 

Աննախադէպ հանդիպում մըն էր 40-ամեայ երիտասարդ՝ տաղանդաւոր, կինօ-արուեստագէտ Ջիվան Ավետիսյանի հետ: Ան իր գործնական-երազներուն ու տեսլականին հետ- նոյնիսկ առաւել – ունէր արցախեան սէր ու յարգանք տածող ներկայութիւն մը: Իրեն կ’ընկերանար հայ համայնքին ծանօթ՝ իր խորաթափանց գիտութեամբ՝, իր անկողմնակալ տրամաբանութեամբ եւ մանաւանդ իր անսակարկ ազգային ոգիով մեր շատ սիրելի Վիգէն Ադդարեանը:

Պատշաճ ու անկեղծ շնորհակալական փոխադարձ արտայայտութիւնները մեկուսացուցին ձեւակերպութիւնները: Ջիւան, վստահութիւն ներշնչող ժպիտով եւ խաղաղ խօսակցութեամբ անմիջապէս ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծած էր:

Ջիվան.- ծնուել եմ Գիւմրի Նոյեմբեր 19, 1981-ին: Տեսել եմ երկրաշարժ, սով ու շատ դժուարին օրեր: Հասակ եմ նետել Ստեփանակերտի մանկա-թատերական կեդրոնում, յետոյ Յովհ. Թումանեանի անուան երկրորդական վարժարանը (1998-1999) Ղարաբաղի զինուորական ծառայութեան մասնակցել եմ (1999-2001): Յետոյ աւարտել եմ Երեւանի թատերական ինստիտուտը (Yerevan State Institute of Theatre) (2002-2007), եւ Cinematography in the Faculty of Feature Film (1996-1997): Ուրախութեամբ գործեցի «Վահրամ Փափազեան»ի անուան Ստեփանակերտի տրամատուրգային կեդրոնում: Եւ այսպէս աշխատելով ու հետզհետէ յառաջանալով նախ՝ իբրեւ բեմադրիչ, յետոյ՝ ընդհ. պատասխանատու տնօրէն «Երկիր Մէտիա» ընկերութեան. այժմ իմ իսկ հիմնած՝ տէրն ու տնօրէն «The fish eye Art Cultural Foundation»:

Հաճելի էր Վիգէն Ադդարեանի ներկայութիւն/ընկերակցութիւնը որ  յետոյ անհրաժեշտ ու հետաքրքրական դարձաւ:

Վիգէն.- Ջիվան շատ համեստ է, բայց ամենազգայականը՝ իր կազմաւորման մասին, իր աշխարհայեացքն է: Թէեւ այդ երեւան կու գայ ամէն մարդէ, բայց երեւան կու գայ, ամենէն առաջ, իր գործով: Ինչ որ ան անդրադարձաւ, այդ նոյն ջիղն է որ շատ յստակ է իր աշխատանքին մէջ: Ահաւասիկ որոշ տեսիլքով անձնաւորութիւն մըն է. տեսիլք մը որ կը համակերպի իմ աշխարհայեացքիս: Այլեւս փաստելու աստիճանը անցած է. արդէն որոշ տեղ մը հասած է ան: Համաճարակը մասամբ մը բարիք բերաւ: Գրեթէ 2  1/2 տարի է որ միասին կ’աշխատինք. կը խօսինք, կը վիճաբանինք, սակայն գիշերը հանգիստ կը քնանամ որովհետեւ գիտեմ, թէ ես բան մը կատարած եմ իր այդ տեսիլքի իրագործման: Ահաւասիկ թէ ինչու կարեւոր է Ջիվանին եւ իր աշխատակիցներուն կողքին կենալը:

«ԱՊԱԳԱՅ».-  Պրն. Ադդարեան յիշեցիք Ջիվանի տեսիլքին մասին – որուն հիմնական պատճառներէն մին էր ձեր մօտեցումն ու վստահութիւնը անոր հանդէպ:

Վիգէն.-  Այս իր ծրագիրներուն ետին աւելի խորունկ տեսիլք մը ունի Ջիվանը:

Ան ուսուցիչ է եւ դասախօս Հայաստանի մէջ: Հոն ծանօթացած եմ  իր աշակերտներուն եւ ուսանողներուն որոնց հրաւիրուած էի  խօսելու: Հոյակապ տաղանդաւոր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ կան որոնք նոր մէջտեղ կ’ելլեն. Ջիվանին շունչով կը ներշնչուին կ’ուզեն աշխատանքը յառաջ տանիլ. նոր Ջիվաններ ու Ջիվանուհիներ հասնին: Ուրեմն մենք կ’ուզենք – եւ ասիկա Ջիվանի տեսիլքն է ու ես կը մասնակցիմ – որ Հայաստանի մէջ սինեմարուեստը դառնայ ecosystem մը, որուն մէջ կան սենարիսթներ, նկարահանողներ, համակարգչային ձայնային մասնագէտներ, բեմադրիչներ եւ դերասան- դերասանուհիներ: Անոնք աշխատին միջազգային ուրիշ խումբերու հետ, գործեն Հայաստանի մէջ, ամուսնանան՝ ունենան ընտանիք. Հայաստանը չլքեն ու հո’ն շարունակեն իրենց ասպարէզը: Դիւրին է այս բոլոր տաղանդաւորներուն համար, մէջը ըլլալով Ջիվանը, թողուլ Հայաստանը եւ ուրիշ տեղ իրենց արուեստի գործը շարունակել. դժուարը եւ ճիշդը՝ հո’ն մնալն ու հո’ն ստեղծագործելն է: Տաղանդը հարցումի տակ չէ, հարցումի տակ է թէ մենք ինչ կ’ուզենք կատարել իբրեւ ազգ, եւ այդ՝ աշխատանքի լծուիլն է:

«ԱՊԱԳԱՅ».-  Պրն. Ավետիսյան Դուք կը սիրէք, կը պաշտէք ձեր ասպարէզը եւ տարուած էք ձեր գործով ու չէք անդրադառնար այն աւելի հսկայ ծառայութեանը որ կը մատուցանէք հայրենիքին: Պատերազմէ մը առաջ կամ միջոցին ամենազօրաւոր զէնքերէն՝ – թերեւս ամենազօրեղը – մին հաղորդամիջոցն (Media) է, հանրային կարծիքը: Մենք չունեցանք այդ . ոչ մէկը խօսեցաւ մեր ցաւին կամ իրաւունքներուն մասին: Սակայն, Ձեր ֆիլմերն ու ապագայի ծրագիրները՝ համաշխարհային բեմահարթակին վրայ մեզի աւելի լսելի պիտի դարձնեն:

Վիգէն.- Այո’, թշնամին այդ հաշիւը ըրաւ: Gate To Heaven Ջիվանի համար կարեւոր գործ մըն էր: Մոսկուայի ամենաբարձր կինօ-փառատօնն էր: Gate To Heaven ընդունուած էր պաշտօնական յայտագիրին մէջ: Պատերազմը նոր սկսած էր, ուրեմն Ատրպէյճանի կառավարութեան ճնշումով վերջին վայրկեանին Gate To Heaven ամբողջովին քաշուեցաւ պաշտօնական յայտագիրէն: Եթէ ֆիլմը դիտէք, հողային իրաւունքներու պահանջք կամ քաղաքական առումներ չկան. իրավիճակի մէջ ապրող մարդկանց պատմութիւնն է. propagand-ի գործ չէր այլ արուեստի գործ մը: Յանձնախումբը տեսած ու որոշած էր. սակայն տեղի տուաւ դիւանագիտական պատրաստուած սադրանքին: Հիմա մենք պարտականութիւնը ունինք, սորվելու մեր սխալներէն:

Ուրիշ կէտ մը եւս, որ Ջիվանը զիս կը հրապուրէ իր երկարաշունչ ու տեւական աշխատանքի աննահանջ կորովն է: Քայլ առ քայլ, լուռ ու մունջ կ’աշխատի՝ յառաջ երթալու համար: Երկիր մը, ազգ մը, ուրիշ ձեւ’ով ալ կարելի է պաշտպանել ու քանդուածը վերականգնել:

 

 

«ԱՊԱԳԱՅ».-  Տեղեկացանք որ հանդիպում ունեցած էք Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանի հետ:

Ջիվան.-  Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հանդիպում եմ ունեցել, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսի հետ, Բակօ Սահակեանի հետ: Պաշտօնական նամակով դիմել եմ մեր ընկերութեան կողմից, թէ Ջիվանը ֆիլմ է անում, Ջիվանին օգնէք. եւ նրանք հաւատացել են ինձ: Նաեւ տարբեր միութիւններ սփիւռքում, գաղափարական, եկեղեցական, Անթիլիասական, Էջմիածնական, Կաթոլիկ, ինձ համար բոլորին դռները բաց են:

«ԱՊԱԳԱՅ».-  Իմացանք թէ «Թեւանիկ» ֆիլմը անկիւնադարձ մըն է եղած Ձեր արտադրութեանց մէջ: Արդեօք կրնայիք բացատրականը տալ այդ շարժապատկերին:

(Սառ լռութիւն մը տիրեց: Տխուր ամպ մը կարծես պատեց Ջիվանի ճակտին: Հին յիշատակնե՞ր, թերեւս ցաւալի: Ջիվան ինքզինք հաւաքեց ու դողդոջուն ձայնով մը պատմեց):

Ջիվան «Թեւանիկ»ը իմ առաջին երկարամետրաժն է. եւ շատ վախով եմ մօտեցել այդ գործին. ոչ այնքան փորձառու ինչ որ հիմա եմ. թոյլ տուէք որ ասենք՝ յաջողե՜լ ենք: «Թեւանիկ»ը իմ ճանապարհն է հարթել. եւ կ’ուզենք տեսնել յաջորդ ֆիլմը. մեր թիմի անձնուէր աշխատանքի պտուղներն որ քաղում ենք հիմա: Այդ՝ պատերազմից յետոյ աւելի իմաստաւորուեց: Գլխաւոր «Թեւանիկի» դերը վերցրել էր Յովհաննէս Խոտերեանը. 14-15 տարեկան. ես նրան աւտօ (ինքնաշարժ) եմ քշել սովորեցնել ֆիլմի նկարելու ժամանակ: Ցաւօք պիտ՝ ասեմ, ինչպէս որ շատ մը հայորդիներ հերոսացան: Յովհաննէսն էլ նահատակուեց վերջին պատերազմին: Երբ լսեցի իր մահուան լուրը՝ Ստեփանակերտում էի. սկսեցի նկարները Face book-ի վրայ դնել…:

Թեւանիկը էնքա՜ն կեանք ունէր իր մէջը. էնքա՜ն աշխոյժ էր, անընդհատ պլաններ էր կառուցել: Եթէ Յովհաննէսը կամ ուրիշներ հարց տան մեզ «դուք ճի՞շդ էք ապրում, ազնի՞ւ էք ապրում» – եթէ մեզ հարց տան, մենք ի՞նչ կ’ասենք: Կ’ասենք «արժանի կ’ուզենք լինել՝ գործելո’վ»:

Վիգէն.-  «Թեւանիկով» կրնանք հաւատալ թէ բարձրորակ աշխատանքի լծուելով՝ պտղաւորումը եւ արժեւորումը քառապատիկը կրնայ ըլլալ, որովհետեւ այդ ճանապարհի ուղին արդէն գծուած է: Գիտենք ինչպէս աշխատիլ:

Ջիվան.- (Կրկին շարունակելով) Եւ Յովհաննէս Խոտերեանի գերեզմանին քարին վրայ, իր անուն -ազգանունի կողքին՝ գրուել է «Թեւանիկ»:

(Նոյն տխուր լռութիւնը որ կարծես թուաց շա՜տ երկար: Ջիվան, վերագտնելով իր խաղաղութիւնը, շարունակեց) «Թեւանիկ»ով մարդիկ աւելի վստահեցին մեզ. այդ հենասիւնն եղաւ ու դրանից յետոյ մենք կարողացանք աւելի խոշորը ստեղծել:

«ԱՊԱԳԱՅ».-  Կարելի՞ է ապագայի ծրագիրներու մասին խօսիլ:

Ջիվան.-  Վերջին շրջանին շատ եմ ճամբորդել. գրեթէ 40 երկիրներ. տարբեր մշակոյթների մէջ եմ մտել ու փորձել իմ այս ընթացքում հասկանալ մեր գործունէութեան ձեւաչափը, հայկականը ներկայացնել աշխարհին եւ նոյն՝ աշխարհը բերել Հայաստան: Դրա համար ստեղծել ենք «Թեւանիկը» 2013-ին նկարեցինք եւ առաջին անգամ մասնակցեցանք Cannes-ի փառատօնին, դրանից յետոյ՝ 2016-ին աւարտեցինք «Վերջին Բնակիչը» (The Last Inhabitant) յետոյ «Դրախտի Դարպասը»  (Gate To Heaven), այժմ «Վերածնուածը» (Revival) եւ վերջապէս «Սեւ Ցուցակը» (The Black List): Մենք փորձում ենք հիմա զարգացնել հայկական կինօն:

«ԱՊԱԳԱՅ».-  Պրն Ադդարեան. երկու ու կէս տարիէ ի վեր մօտէն ծանօթ էք Ջիվանին. ի՞նչ կրնաք ըսել իր գեղարուեստական աշխատանքին մասին:

Վիգէն.-  Պիտի փափաքէի օրինակ բերելու «Վերածնուածը» (Revival): Կրնանք ըսել թէ հերոս մը կայ որ բոլոր դէպքերը կը յառաջացնէ: Սակայն կայ նաեւ ուրիշ երեք անձերու պատմութիւնը, որոնք իրենց տռամը կ’ապրին: Բայց միայն այդքան ալ չէ, գաղտնիք մը կայ որ 4-րդ մը գիտէ այդ գաղտնիքին ծալքերը. սակայն այդ ալ չէ, ուրիշ 5-րդ ծաւալ մը կայ, ստեղծագործական նոր ծալք մը՝ որ գիտաֆանտաստիկական (Sciaence Fiction) որ ֆիլմին մաս կը կազմէ՝ առաջին տեսարանէն մինչեւ վերջինը: Ֆիլմին այս արուեստական բանականութիւնը (Artificial Intelligence) կը զարգանայ տիպարներուն հետ: Բարձր դերասաններ կը մասնակցին: Ասիկա հայոց պատմութենէն քաղուած անհատի մը պատմութիւնը չէ, այլ համամարդկային պատմութիւն մը, որուն ընդմէջէն կ’ուզենք մեր խօսքը ըսել ամբողջ մարդկութեան: Վստահ ենք, որ այս ծրագիրը նոր էջ մը պիտի բանայ սինեմա-արուեստի համաշխարհային հարթակներու վրայ:

Ջիվանի բոլոր գործերը ունին իսկական կորիզներ. ապրուած պատմութիւններ են: Իր հետազօտչական աշխատանքէն վկայելով կրնամ ըսել: «Վերջին Բնակիչ»ն ալ այդպէս է: Գլխաւոր դերասանը – ոչ հայ՝ անունը Hemayoun Ershadi-ն է որ Ոսկեայ Արմաւենի (Palm d’Or) շահած է: Ասոնք ցոյց կու տան որ բարձր մակարդակի դերասաններ՝ կը հաւատան Ջիվանի աշխատանքի մակարդակին. կը փափաքին իրենց մակարդակն ալ բարձր պահել: Այս բոլորը ինծի հաճոյք կը պատճառեն: Այդ պատճառաւ է որ Ջիվանի հետ սկսայ գործակցելու: Նոյնիսկ PBSի հետ բանակցութիւններ վարած էինք, սակայն համաճարակի պատճառաւ ստիպուեցանք յետաձգելու:

Ջիվան.-  Մեծ ակնածանքով ենք Պրն. Ադդարեանի մասին խօսում. մենք գնահատում ենք իր կեանքի փորձառութիւնը եւ մասնաւորապէս մարդկային կողմը:

«ԱՊԱԳԱՅ».-  Պրն. Վիգէն Ադդարեան կը փափաքինք Ձեր սրտի խօսքը ընել իբրեւ վերջաբան:

Վիգէն.-  Ազգ մը անընդհատ պէտք է ինքզինք յայտնաբերէ: Մենք մեր մասին շատ բան ունինք սորվելիք: Պէտք է անդրադառնանք թէ մենք մեզ ուսուցանելու գործ մը ունինք, որովհետեւ միայն այդ ձեւով է որ կրնանք ինքզինքիս բարելաւել: Ես շատ բան սորվեցայ Ջիվանի ֆիլմերէն: Այն մարդիկը որ պէտք է իրարու հանդիպին՝ իրար կը գտնեն:

«ԱՊԱԳԱՅ».-  Դուք հեռատեսութիւնը ունեցաք մի քանի տարի առաջ Ջիվանին հանդիպելով հետը աշխատակցելու եւ զինք արժեւորելու:

Իսկ դուք Ջիվան Ավետիսեան, Ձեր սրտի խօսքը՞…:

Ջիվան.-  Ես հաւատում եմ որ մարդ մեծ երազանք ունենայ, անհաւանական մեծ երազանք: Չի նշանակում նստեմ ու երազեմ, այլ պէտք է ցերեկ-գիշեր աշխատեմ այդ անհաւանականին հասնելու համար:

Ձեռքի փոխանցիկ ջերմ սեղմումով, առժամաբար, բաժնուեցանք, իրարմէ: Վիգէն Ադդարեան անգամ մը եւս գերազանցած էր ինքզինքը, իր գիտութեամբ, մանաւանդ իր ազգային հպարտ-համեստութեամբ: Մենք կրկին կը տեսնէինք լայն սիրտ մը՝ արժեւորելու ու օգտակար ըլլալու հայկական կինօ-արուեստի Հիմալայան գագաթի մը:

Իսկ Ջիվան Ավետիսյան կը թողուր աներեւակայելի տպաւորութիւն մը: Իր հայու աչքերուն մէջ կը տեսնէինք կայծը՝ տեսիլքի մը, շաղախուած ինքնավստահութեան, կորովի, վաղուայ արուեստի բարձունքի եւ մանաւանդ ՅՈՅՍ-ի՝ հետ, որոնց սփիւռքը պէտք ունի այսօ’ր աւելի քան երբեք:

Սա’ մեր ԱՐՑԱԽՑԻՆ է… ՀԱ’Յ-ը:

*  *  *

Յ.Գ. Մետասաներորդ ժամուն, ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ, ստացանք պրն. Վիգէն Ադդարեանէ հետեւեալ տեղեկութիւնը:

Ontario International Film Festival ը (ONIFF) պաշտօնապէս տեղեկացուց թէ Ջիվան Ավետիսյանի «Դրախտի Դարպասը» – Gate to Heaven ֆիլմը շահած է հետեւեալ 4 գլխաւոր մրցանակները –

  1. Լաւագոյն ձայնային ձեւաւորում միջազգային ֆիլմի բաժնին մէջ – Best Sound for an International Feature
  2. Լաւագոյն երաժշտութիւն միջազգային ֆիլմի բաժնին մէջ – Best Music for an International Feature
  3. Լաւագոյն ֆիլմային սցենար միջազգային ֆիլմի բաժնին մէջ – Best Script for an International Feature
  4. Լաւագոյն միջազգային ֆիլմ – Best International Film

Մոսկուայի ֆիլմի փառատօնին ամօթալի վերաբերումէն եւ թուրքպէյճանական սպառնալիքներէն ետք, ահաւասիկ իսկական արուեստի յաղթանակը այսպէս կը կատարուի: