Գիտաժողով՝ նուիրուած ֆրանսահայ բեմադրիչ Անրի Վեռնոյի 100-ամեակին

Երեւանի մէջ, Հոկտեմբեր 29-31, տեղի պիտի ունենայ «Ազգային շարժանկարը՝ համամարդկային ժառանգութիւն. վերանայում, պահպանութիւն, հանրայնացում» թեմայով եռօրեայ գիտաժողով՝ նուիրուած ֆրանսահայ բեմադրիչ Անրի Վեռնոյի 100-ամեակին։ Ֆրանսահայ ականաւոր բեմադրիչ եւ սենարիստ Անրի Վեռնոյ-Աշոտ Մալաքեանի յիշարժան յոբելեանը ներառուած է UNESCO-ի նշանաւոր անձերու կարեւոր իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Kinoashkharh.am կայքը։

Անրի Վեռնոյը հայկական սփիւռքի տիպիկ ներկայացուցիչ է: Անոր ստեղծագործական ուղին ծաւալած է Ֆրանսայի մէջ։ Անոր շուրջ 40 լիամեթրաժ ժապաւէնները քրէական ժանրի նմուշներ են՝ արկածային, ոստիկանական, եւ այլն։ Վեռնոյը հայկական թեմատիկային դիմած է իր ասպարէզի մայրամուտին՝ ստեղծելով իր հանրայայտ ինքնակենսագրական մելոդրաման՝ «Մայրիկը» 1991-ին, որ դարձաւ նաեւ սփիւռքահայ շարժանկար-պատկերագրութեան նշանաւոր գործերէն մէկը։ Վեռնոյի ստեղծագործական ուղին նման է այլ սփիւռքահայ շարժանկարի գործիչներու անցած ճանապարհին, որոնք օտարութեան մէջ կենդանի պահած են հայկական մշակոյթը։

Օգտագործելով Անրի Վեռնոյի ժառանգութիւնը եւ խորհրդային շրջանի ազգային կինոյետագիծը իբրեւ ելակէտներ, գիտաժողովը նպատակ ունի անդրադառնալու այս երկակի երեւոյթներուն՝ իբրեւ ազգային շարժանկարի դրսեւորումներ, որոնք այսօր արդիական մօտեցման ու մեկնաբանութեան կարիք ունին՝ համաշխարհային շարժանկարի պատմութեան ծիրէն ներս։

Այս գիտաժողովը, պիտի փորձէ երկխօսութիւն սկսիլ ազգային կինեմատոգրաֆի առանցքային հարցերուն շուրջ՝ ներգրաւելով խորհրդային, ընկերվարական եւ սփիւռքի կինոժառանգութեան հետ առնչուող շուրջ քսան մասնագէտներ, շարժանկարի քննադատներ, հետազօտողներ եւ շարժանկարի արդիւնաբերութեան մասնագէտներ Հայաստանէն եւ արտերկրէն։

Իբրեւ ամփոփում՝ գիտաժողովի օրերուն ընթերցուած եւ ներկայացուած բոլոր զեկոյցները, Հայաստանի ազգային շարժանկարի կեդրոնը պիտի հրատարակէ առանձին գիրքով։

Գիտաժողովի ծրագիրը եւ ժամանակացոյցը՝ այստեղ։

Գիտաժողովի մասին նիւթը ամբողջութեամբ՝ սկզբնաղբիւր կայքին մէջ։