Թէքէեանական Գրքերու Շնորհանդէս ԹՄՄ Պտգմ. Ժողովին Առընթեր

Հոկտեմբեր 10-11 շաբաթավերջի ձեռնարկներով ծանրաբեռնուած վերջին միջոցառումը կը հանդիսանար անցնող քանի մը տարիներու ընթացքին հրատարակուած Վահան Թէքէեանի հետ առնչուող հրատարակութիւններու խտացեալ շնորհանդէսը: Կիրակի առաւօտ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի մէջ ի յիշատակ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, գրասէր հանրութիւնը հաւաքուեցաւ Թէքէեան Մշակ. Միութեան հանդիսասրահը,  ուր Գոհաբանական Տօնի առթիւ եւ Վահան Թէքէեանի յիշատակի հոգեճաշ տեղի ունեցաւ:

Սրահին մէկ անկիւնը ցուցադրուած էին Թէքէեանի հետ առնչուած հրատարակութիւններէ տասնեակ մը հատորներ, ինչպէս՝  Յակոբ Վարդիվառեանի «Հանդիպումներ»ու վերջին հատորը եւ «Մեծ Երազի Ճանապարհորդները» (ծրագրուած վեց մատենաշարի առաջինը), Վաչէ Սեմերճեանի «Լուսարձակին Տակ» երկու պատկառելի հատորներն ու «Յիշատակելի դիմաքանդակները», Երուանդ Ազատեանի խմբագրած Վահան Թէքէեանի երկլեզուեան հատընտիրի հրատարակութիւնը եւ Հայաստանի ԹՄՄ-ի կողմէ հրատարակուած Թէքէեանի հատընտիրը, Ազատեանի շաբաթական քաղաքական քրոնիկներու Նիգոլ Բաբազեանի կողմէ ֆրանսերէն թարգմանութեան հատորը, Արա Ահարոնեանի «Երախտաւորներու Ուղին» Ա եւ Բ հատորները, եւլն:

Berdj Kokorian
Berdj Kokorian
Dr. H. Arzoumanian
Dr. H. Arzoumanian

Գրքերու շնորհանդէսի հանդիսավար՝ պրն. Պերճ Գոգորեան ողջունեց ԹՄՄ-ի Պատգամաւորական Ժողովի առիթով քաղաքս այցելող վաստակաշատ մտաւորականները՝ Երուանդ Ազատեան, Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան, Արամ Արքուն, Նորա Ազատեան Իփէքեան, Յակոբ Վարդիվառեան եւ ուրիշներու ներկայութիւնը, ու առաջին առթիւ հրաւիրեց Տօքթ. Յարութիւն Արզումանեանը որ ներկայացնէ Յակոբ Վարդիվառեանի «Մեծ Երազի Ուղեւորները …» նոր հրատարակուած հատորը:

Յարգելի բանախօսը յայտնեց թէ մեծադիր 400 էջերով հրատարակուած այս նորագոյն հատորը առաջինն է վեց հատորներու մատենաշարին որ պիտի ամփոփէ ՌԱԿ-ի ամբողջական պատմութիւնը, լրացնելու համար պակաս մը՝ միւս երկու հայ կուսակցութիւններու ունեցած իրենց հաւաքածոներուն նման: Այս տիտանական աշխատանքի իրագործումը պիտի ըլլար անհամար յուշերու, նամակներու, յօդուածներու, արխիւներու խղճամիտ եւ նուիրական հաւաքական աշխատանքի արդիւնքը: Այս հատորը կը ներկայացնէ ՌԱԿ-ը բաղկացնող եօթ կուսակցութիւններու կամ քաղաքական հոսանքներու երեք տասնամեակներու ընթացքին միաձուլումին արդիւնքը հանդիսացնող, 1921-ին կազմուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան: Այս հատորը մանրամասնեալ կերպով կը ներկայացնէ երկու գլխաւոր բաղկացուցիչ կուսակցութիւնները՝ Արմենական (առաջին) կուսակցութիւնը Վանի եւ շրջակայքին մէջ, եւ Ժողովրդական Կուսակցութիւնը Արեւելահայաստանի մէջ: Բանախօսը եզրակացուց թէ, թէեւ հեղինակը պատմաբան մը չէ, սակայն այս աշխատասիրութենէն անկասկած պիտի օգտուին պատմաբաններ, մտաւորականներ եւ հասարակ հանրութիւնը:

Hagop Vartivarian
Hagop Vartivarian
Aram Arkun
Aram Arkun

 

 

 

 

 

Խօսք առնելու հրաւիրուեցաւ հեղինակ Վարդիվառեանը, որ շեշտեց կարեւորութիւնը պատմաբաններու, քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ հանրութեան տրամադրելի դարձնելու ՌԱԿ-ի ճշգրիտ եւ ոչ աղաւաղուած պատմութիւնը: Ան իր խօսքերը աւարտեց ըսելով՝ «Ես հպա’րտ եմ մաս կազմելու Ռամկավար  Ազատական Կուսակցութեան մեծ ընտանիքին: Եւ այս հատորները վկան են իմ սրբազան ուխտիս:»

Երկրորդ ներկայացումը կատարեց ԹՄՄ Կեդր. Վարչութեան Վարիչ Տնօրէն Արամ Արքուն: Ան UCLA-ի տոքթորայի թեկնածու է եւ պատմական ու հրապարակագրական վաստակաւոր գիտաշխատող մը: Արքուն անգլերէն լեզուով անդրադարձաւ Վահան Թէքէեանի 23 լաւագոյն քերթուածներէն անգլերէնի թարգմանութեան, որ մեծ մասամբ կատարած է բանաստեղծ Ճօն Բաբազեան եւ անոր վախճանումէն ետք իր եղբօր որդին՝ բեմի վաստակաւոր արուեստագէտ՝ Ժիրայր Բաբազեան: Բանախօսը շեշտեց երկու կարեւոր կէտեր. առաջին՝ թարգմանիչը  բանաստեղծական խառնուածք ունենալով կարողացած է թափանցել Վահան Թէքէեանի զգացումներու խորքին եւ արտայայտել զանոնք անգլերէնով, կարելի հարազատութեամբ, եւ երկրորդ՝ գրքի հրատարակութիւնը կատարուած է Քալիֆորնիոյ Նահանգային  Համալսարանի (Ֆրէզնo) կողմէ, որ այս հրատարակութիւնը կը դասէ ակադեմական մակարդակի եւ հասանելի մշակութային բարձրագոյն խաւերու: Բանախօսը կարեւորեց նաեւ այս գրքին մէջ ներկայացուած արժէքաւոր արտայայտութիւններ Վահան Թէքէեանի անձնական կեանքի մասին, գրուած՝ Նորա Ազատեան Իփէքեանի եւ Երուանդ Ազատեանի կողմէ որոնք մօտէն ճանչցած եւ գործակցած են «Բանաստեղծութեան Իշխան»ին հետ:

Edmond Azadian
Edmond Azadian
Nora Azadian
Nora Azadian

Երուանդ Ազատեան, արագ ակնարկով մը անդրադարձաւ Հայաստանի ԹՄՄ-ի կողմէ եւ իր խմբագրութեամբ հրատարակուած աւելի ընդարձակ հատընտիրին մասին, անգամ մը եւս հաստատելով «Թէքէեանագէտ»ի իր համբաւը:

Յայտագիրը գագաթնակէտին հասաւ երբ Նորա Ազատեան, ընդառաջելով ներկաներու փափաքին, ինքնաբուխ կերպով արտասանեց Թէքէեանի փունջ մը քերթուածներ, որոնց համազգային եւ համամարդկային էութիւնը խորապէս յուզեց ներկաները:

Arm. 2 Nov. (Kirkerou Shnorhantes)7

Թղթակից