«Ար­ցա­խի հո­գեւոր-պատ­մա­կան յու­շարձան­նե­րը» խո­րագի­րով քար­տէզ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րեգին Երկրորդ Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսի օրհնու­թեամբ` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տարակ­չութիւ­նը, հա­մագոր­ծակցե­լով Հա­յաս­տա­նի քար­տէզնե­րու հրա­տարա­կու­թեան գոր­ծին մաս­նա­գիտա­ցած «Քո­լաժ» հրա­տարակ­չութեան հետ, Հայ­կա­կան բա­րեգոր­ծա­կան ընդհա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) նիւթական աջակցութեամբ լոյս ըն­ծա­յած է «Ար­ցա­խի հո­գեւոր-պատ­մա­կան յու­շարձան­նե­րը» խո­րագի­րով քար­տէզ (հա­յերէն, անգլե­րէն, ռու­սե­րէն)։

Ասիկա Մայր Աթո­ռի հրա­տարակ­չութեան առա­ջին փոր­ձա­ռու­թիւնն է առան­ձին քար­տէզ հրա­տարա­կելու, սա­կայն վան­քե­րու եւ եկե­ղեցի­ներու տե­ղագրման խտու­թեան տե­սան­կիւնէն նա­խադէ­պը չու­նի։

Քար­տէզնե­րը բա­ցառիկ են նաեւ սահ­մա­նագծման տե­սան­կիւնէն, քա­նի որ երեք տար­բեր գծագ­րումով նշո­ւած են Ար­ցա­խի, ԼՂԻՄ եւ ներ­կա­յիս ատրպէյ­ճա­նական զի­նուած ու­ժե­րուն կող­մէ 2020-ին բռնա­գրաւո­ւած տա­րածքնե­րուն սահ­մաննե­րը, որուն մի­ջոցով հնա­րաւոր է յստակ տե­ղորոշ­ումով տես­նել այն վան­քե­րը, եկե­ղեցի­ները եւ պատ­մա-կրօ­նական նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող յու­շարձան­նե­րը, որոնք մնա­ցած են գե­րու­թեան մէջ։ Քար­տէ­զը, վստա­հաբար, օգ­տա­կար կ’ըլ­լայ թէ՛ պատ­մա­բան­նե­րու, թէ՛ յու­շարձա­նագէտ­նե­րու, թէ՛ մի­ջազ­գայնա­գէտ­նե­րու եւ թէ՛ թե­մայով հե­տաքրքրո­ւող այլ ան­ձերու։