Միացեալ Հայկական Ֆոնտը 5.9 միլիոն տոլարի դեղորայք եւ բժշկական պիտոյք կը նուիրէ Հայաստանին ու Արցախին

Վերջերս, Միացեալ Հայկական Ֆոնտը, AmeriCares կազմակերպութեան համագործակցութեամբ, 5.9 միլիոն տոլարի արժէքով դեղորայք եւ բժշկական պիտոյքներ առաքեց Հայաստան եւ Արցախ։

AmeriCares-ի նուիրած այս արժէքաւոր յատկացումը կը ներառէ փենիսիլին, հակավարակիչ, հակաշաքարախտային, սրտանօթային, հոգեբուժիչ, մորթային, ակնաբուժական, ցաւամոքիչ եւ ստամոքսա-որովայնային դեղեր ու բժշկական պիտոյքներ:

«Տարիներու ընթացքին, AmeriCares-ը տասնեակներով միլիոն տոլար արժող ու կեանք փրկող դեղեր, բժշկական պիտոյքներ եւ սարքաւորումներ նուիրած է Հայաստանին ու Արցախին», այս առթիւ յայտնեց Միացեալ հայկական ֆոնտի նախագահ Յարութ Սասունեան եւ աւելցուց. «Մեծապէս կը գնահատենք AmeriCares-ի հետ մեր երկարամեայ գործակցութիւնը»:

Անցեալ 26 տարիներուն ընթացքին, Միացեալ հայկական ֆոնտը 159 թռիչքներով եւ 2258 ծովային արկղներով 720 միլիոն տոլարի մարդասիրական նպաստ ուղարկած է Հայաստան եւ Արցախ:

Ֆոնտը համատեղ աշխատանքն է Ամերիկայի հայ աւետարանական ընկերակցութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի առաջնորդարանին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդարանին եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Միացեալ հայկական ֆոնտի գրասենեակին՝1101 North Pacific Avenue, Suite 204, Glendale, CA 91202 հասցէով, կամ հեռաձայնել(818) 241-8900 թիւին: