Հայրենի վերլուծաբան Բէնիամին Պօղոսեան. «Հայաստանի կառավարութեան դիրքերը անորոշ են»

Յատուհ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթին

 

Ճիշդ է, որ անցեալ 26 Նոյեմբերին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ գագաթաժողովը ձեւով մը նօսրացուց սահմանային գերլարուած իրադրութիւնը, բայց եւ այնպէս Հայաստան-Ատրպէյճան գիծին վրայ կան մեծ մտավախութիւններ եւ մեծ հարցումներ։

Այս առումով ամէնէն աւելի խոցելի է Հայաստանի կառավարութեան (գլխաւորութեամբ Ն. Փաշինեանի) դիրքերն ու տեսակէտները։

Հարցերուն նոյն մտահոգութեամբ կը նայի հայրենի վերլուծաբան Բէնիամին Պօղոսեան (Նշեմ, որ Պօղոսեան Երեւանի մէջ գործող Քաղաքական եւ տնտեսական ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէնն է), որ ընդառաջելով մեր փափաքին օրերս Երեւանի մէջ պատասխանեց ՝ «ԱՊԱԳԱՅ»-ի հարցումներուն։

 

Ստորեւ ՝ հարցազրոյցը

Benyamin Poghosyan

«ԱՊԱԳԱՅ»ի հարցումներուն կը պատասխանէ՝ Քաղաքական եւ տնտեսական ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Բէնիամին Պօղոսեան

– Սոչիի մէջ եղած եռակողմ հանդիպումէն ետք ի՞նչ զարգացումներու սպասել եւ ի վերջոյ ի՞նչ փուլի մէջ է Հարաւային Կովկասը։

Անցնող 26 Նոյեմբերին Սոչիի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման ընթացքին կողմերը չյաջողեցան պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերել առկայ հիմնական խնդիրներուն շուրջ։ Հայաստանը կարծես թէ մերժած է Ատրպէյճանի երկու հիմնական պահանջները՝ պաշտօնապէս ճանչնալ Արցախը, որպէս Ատրպէյճանի մաս եւ Սիւնիքի մարզով Ատրպէյճանին տրամադրել ճանապարհ դէպի Նախիջեւան առանց որեւէ մաքսային, սահմանային կամ անձնագրային ստուգումներ իրականացնելու։ Միեւնոյն ժամանակ հարկ է արձանագրել, որ եթէ Ատրպէյճանը Սոչի գացած է յստակ դիրքորոշմամբ եւ պահանջներով, ապա Հայաստանի մօտեցումները աւելի անորոշ են։

Պատերազմէն յետոյ անցած 13 ամիսներու ընթացքին Հայաստանի կառավարութիւնը այնպէս ալ չէ յստակացուցած իր դիրքորոշումը Արցախի ապագայի եւ Ատրպէյճանի կողմէ 2020-ի պատերազմի ժամանակ գրաւուած տարածքներու կարգավիճակին վերաբերեալ։ Կը ձեւաւորուի այն տպաւորութիւնը, որ Հայաստանի կառավարութեան համար Արցախի տարածքներու եւ կարգավիճակի հարցը կ’ընկալուի որպէս Ռուսաստան-Ատրպէյճան երկկողմանի, կամ Ռուսաստան–Ատրպէյճան–Թուրքիա եռակողմանի յարաբերութիւններու խնդիր, ուր Հայաստանը որեւէ ընելիք չունի, բացառութեամբ իւրաքանչիւր ամիս աշխատավարձերու, թոշակներու վճարման եւ կենցաղային ծախսերու փոխհատուցման նպատակով Արցախին ֆինանսական օժանդակութեան տրամադրելը։

2021-ի Մայիսէն սկսեալ, Ատրպէյճան Հայաստանի նկատմամբ կը կիրառէ ուժային դիւանագիտութեան եւ ռազմական շանտաժի ռազմավարութիւն՝ ցանկալով անոնց միջոցով ստիպել Հայաստանին կատարել իր պահանջները։ Միեւնոյն ժամանակ Ատրպէյճան յաջողած է հայ ռազմագերիներու ազատ արձակելու հարցը, որ 2020-ի 10 Նոյեմբերի յայտարարութեան ուղղակի պահանջ է, կապել ականապատուած քարտէզներու վերադարձի խնդրին հետ, որու ապացոյցն էր նաեւ քանի մը օր առաջ որոշ քարտէզներու դիմաց եւս 10 ռազմագերիներու վերադարձը։ Առայժմ Ատրպէյճան կը կարողանայ յաջողութիւններ արձանագրել ռազմական «շանթաժ»ի իր քաղաքականութեամբ՝ աստիճանաբար ընդլայնելով Հայաստանէն գրաւած իր տարածքները։ Ամենայն հաւանականութեամբ, Պաքու կը շարունակէ այս ռազմավարութիւնը այնքան ժամանակ, քանի դեռ Հայաստանը չէ կատարած իր երկու հիմնական պահանջները, կամ ալ ՀՀ զինուած ուժերը չեն կանխած Հայաստանի տարածք խորանալու ատրպէյճանական զինուժի փորձերը։

 

– Զարգացումներուն հետեւող վերլուծաբաններ այն կարծիքը յայտնած են, որ ինչ որ առումներով Ալիեւ ոչ այնքան «ուրախ» դուրս եկած է Սոչիէն։ Կա՞յ այդպիսի բան, եթէ այո, ինչ է պատճառը։

Կը կարծեմ, որ Ալիեւի համար գագաթնաժողովի լաւագոյն արդիւնքը պիտի ըլլար եռակողմ յայտարարութեան այնպիսի բովանդակութիւն, ուր յստակ նշուած ըլլար, որ

  1. Սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի հիմքը դրուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը 1970-1980-ական թուականներու խորհրդային քարտէզներու հիման վրայ:
  2. Հայաստանը հրաժարի մաքսային եւ անձնագրային հսկողութիւն իրականացնել Սիւնիքի մարզի տարածքով Ատրպէյճանէն Նախիջեւան գացող բեռներ եւ ուղեւորներ փոխադրութիւններու ժամանակ։ Այս առումով Ալիեւ կրնայ ինչ որ չափով դժգոհ ըլլալ։ Միեւնոյն ժամանակ, Ատրպէյճան յաջողած է եռակողմ բանակցութիւններու օրակարգէն ամբողջովին դուրս հանել Արցախի խնդիրը, ինչ որ Պաքուի համար կարելի է յաջողութիւն համարել։

 

– Ռազմական գործողութիւններու փուլը ըստ ձեզի աւարտա՞ծ է, կամ թէ յաւելեալ սրացումներու սպասենք։

10 Նոյեմբերին 2020-ի աւարտած են լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները։ Փոքր ուժգնութեամբ ռազմական գործողութիւնները չեն դադրած եւ պիտի չդադրին այնքան ժամանակ, քանի դեռ ՀՀ զինուած ուժերը ծանր եւ ցաւոտ հարուածներ չեն հասցուցած ատրպէյճանական բանակին։ Եթէ Հայաստանը շարունակէ ներկայ քաղաքականութիւնը՝ ռազմավարական նշանակութեան տարածքներու յանձնում բանաւոր պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ (ինչ որ տեղի ունեցաւ 2020-ի Դեկտեմբերի կէսերուն, երբ Ատրպէյճանին յանձնուեցաւ Հայաստան–Իրան միջպետական ճանապարհի 21 քմ.-ը), կամ ռազմական դիրքերու յանձնում առանց դիմադրութեան, որուն ականատեսը եղանք 14 Նոյեմբերին, 2021-ին Ատրպէյճանի կողմէ յարձակումները, ՀՀ տարածք ներխուժումները, ՀՀ զինծառայողներու, ինչպէս նաեւ Արցախի ՀՀ քաղաքացիներու սպաննութեան դէպքերը դեռ պիտի շարունակուին։

 

– Ատրպէյճան Հայաստանի հետ սահմանային խնդիրները իր հետ տարաւ Աշխապատի «փան-թուրքիք» վեհաժողովին: Սա ի՞նչ կը նշանակէ, եւ արդեօ՞ք այդ մօտեցումը մարսելի է Ռուսաստանի համար։

Ռուսաստանի շուրջ ձեւաւորուած աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն, երբ Արեւմուտքը ԱՄՆ-ի գլխաւորութեամբ անընդհատ կ’աւելցնէ ճնշումը Ռուսաստանին սահմանակից տարածքներուն վրայ, ինչպէս՝ Ուքրանիա, Պէլառուսիա եւ այլն, Ռուսաստան ամէն ձեւով պիտի խուսափի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու սրումէն։ Նախագահ Էրտողանի՝ Թուրքիան տարածաշրջանային ինքնուրոյն տէրութիւն վերածելու եւ սոսկ ԱՄՆ-ի ռազմավարական շահերը առաջ մղող գործիքի կարգավիճակէն հրաժարելու ռազմավարութիւնը կը համապատասխանէ Ռուսաստանի շահերուն։ Ի հարկէ, սա չի նշանակեր, որ բոլոր խնդիրներուն մէջ Ռուսաստանն ու Թուրքիան կը կարողանան փոխադարձ ընդունելի պայմանաւորուածութիւններու հասնիլ։ Ամէն պարագայի, Հարաւային Կովկասի մէջ 10 Նոյեմբերէն 2020-էն յետոյ ձեւաւորուած «Սթաթուսքօ»ն Ռուսաստանի համար ընդունելի է, եւ վերջինիս հիմնական նպատակը իրավիճակի կայունացումն է, ինչ որ տեղ այդ բոլորը Թուրքիոյ հետ պայմանաւորուածութիւններու միջոցաւ։ Այս շրջածիրէն ներս Ռուսաստան թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ստեղծումը կարճաժամկէտ հեռանկարի վրայ սպառնալիք չի համարեր իր կենսական շահերուն համար։

 

– Կայ վարկած, որ Անգարա նոյնպէս «հանգիստ չէ» Պաքուի վարքով եւ Ալիեւի հռետորաբանութեամբ։ Հնարաւո՞ր է նման բան։ Ի՞նչ կարծիքի էք։

Նախագահ Էրտողանի համար Ալիեւ կը շարունակէ մնալ որպէս «օտար մարմին», որ տարբեր թելերով կապուած է ռուսական իրականութեան եւ վերնախաւին հետ եւ որեւէ ցանկութիւն չունի Ատրպէյճանը փաստացի վերածել Թուրքիոյ հերթական նահանգի։ Այս շրջագիծէն ներս, չնայած փոխադարձ «եղբայրութեան» մասին հնչող բազմաթիւ յայտարարութիւններուն եւ 2021-ի Յունիսին «Շուշիի հռչակագիր»ի ստորագրութեան, Էրտողանի համար իտէալական տարբերակ պիտի ըլլար Ատրպէյճանի մէջ Ալիեւի փոխարէն նախագահի պաշտօնին տեսնել Անգարայէն ուղղակի կախեալ մէկ այլ գործիչ։ Միեւնոյն ժամանակ Թուրքիան առայժմ հնարաւորութիւն չունի Ատրպէյճանի մէջ իշխանափոխութիւն կազմակերպել եւ ըստ այդմ առաջ կը մղէ Ալիեւ-Էրտողան «եղբայրական յարաբերութիւններ»ու թէզը։ Այս իրավիճակը ձեռնտու է նաեւ Ալիեւին, քանի որ ան կրնայ Ռուսաստանին ակնարկել, որ իր հեռացման պարագային Ատրպէյճանի մէջ իշխանութեան կրնայ գալ Թուրքիայէն շատ աւելի մեծ կախում ունեցող գործիչ, ինչ որ կը թուլացնէ Ռուսաստանի դիրքերը Հարաւային Կովկասի մէջ։

 

– Մենք ինչ որ տեղ նկատեցինք, որ Իրան, ինչ որ կերպով «ետ կը քաշուի» Կովկասի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներէն։ Այդ ինչո՞վ պայմանաւորուած է։

Հարաւային Կովկասը վերջին տասնամեակներուն ընթացքին Իրանի կենսական շահերու տիրոյթէն ներս չէ եղած։ Իրանի համար գլխաւոր տարածաշրջանը Մերձաւոր Արեւելքն է՝ Իրան-Իրաք-Սուրիա-Լիբանան «Շիիթ կամար»ին պահպանմամբ եւ զարգացմամբ։ Կենսական նշանակութիւն ունի նաեւ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի հետ հակամարտութեան կառավարումը։ Իրանի դիւանագիտական միջոցները ներկայիս գրեթէ ամբողջութեամբ կեդրոնացած են 2015-ին Իրանի կորիզային ծրագրի շուրջ ստորագրուած համաձայնագիրի վերագործարկման վրայ։ Ստեղծուած պայմաններուն մէջ Իրան ունի քանի մը ռազմավարական նպատակներ՝ հնարաւորինս կանխել ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ Հարաւային Կովկասի օգտագործումը հակաիրանական գործողութիւններու իրականացման նպատակով եւ թոյլ չտալ տարածաշրջանէն Ռուսաստանի հեռանալն ու Թուրքիոյ կողմէ գերիշխող դիրքի ձեռք բերումը։ Այս շրջագիծէն ներս Իրան կը շարունակէ Հարաւային Կովկասի մէջ գործակցիլ Ռուսաստանի հետ եւ աջակցիլ Ռուսաստանի դիրքերու ամրապնդման։

 

Հարցազրոյցը՝ Սագօ Արեանի